ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, երէկ՝ Յունիս 15ին, ընդունած է «Յուշամատեան» իրաւապաշտպան, պատմա-լուսաւորչական եւ բարեգործական ընկերութեան վարչութեան անդամները: Հանդիպման մասնակցած են ԱԺ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Մնացականեան, պատգամաւորներ Գոհարիկ Ենոքեան եւ Վիկտոր Դալլաքեան:
Ողջունելով հիւրերը՝ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ Յունիս 14ին լրացած է 1949ի ստալինեան վարչաձեւին կողմէ բռնադատուած հազարաւոր հայ ընտանիքներ Ալթայի երկրամաս աքսորելու 60ամեակը: Ան նշած է, որ 1955էն ի վեր, ԽՍՀՄ փորձած է վերականգնել անոնց իրաւունքները, իսկ 1994ին արդէն նորանկախ Հայաստանը ընդունած է օրէնք, ըստ որուն փորձած է որոշ արտօնութիւններ տրամադրել բռնադատուածներուն: Ան յայտնած է, որ ստացած է անոնց նամակը եւ տեղեակ է բռնադատուածներուն համար նախատեսուած արտօնութիւններուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին: Յ. Աբրահամեան կարեւոր համարած է այդ խնդիրին շուրջ ԱԺ պատգամաւորներ Վիկտոր Դալլաքեանի, Գոհարիկ Ենոքեանի եւ Վարդան Բոստանջեանի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, որ արդէն ուղարկուած է կառավարութիւն եւ ԱԺ համապատասխան մշտական յանձնաժողով:
Քննարկման ընթացքին մասնակիցները յայտնած են իրենց տեսակէտները բռնադատուածներու իրավունքներուն պաշտպանութեան խնդիրներուն շուրջ: Աբրահամեան առաջարկած է շարունակել այս խնդիրի քննարկումը՝ այնտեղ ներգրաւելով կառավարութեան եւ բռնադատուածներուն լիազօր ներկայացուցիչները: