ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Յունիս 10ին ընդունած է Պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման ուղղութեամբ՝ Հայաստանի խորհրդատուական օժանդակութիւն ցուցաբերող Ամերիկայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ փորձագէտներէն կազմուած միջազգային փորձագիտական խումբի անդամները:
Հանդիպման ընթացքին քննուած են պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման ընթացքին իրականացած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նախանշուած են յառաջիկայի քայլերը: