ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի տարբեր մարզերու 22 երեխայ այսօր կը գտնուի խնամատար ընտանիքներու մօտ, յայտնած է նախարարութեան ընտանիքի, կանանց եւ երեխաներու հիմնահարցերու վարչութեան պետ Լենա Հայրապետեան։
Ան նշած է, որ այդ ընտանիքներուն մօտ գտնուող երեխաներէն ութն՝ մանկատուներէ են, իսկ մնացածը՝ առանց խնամքի մնացած երեխաներ: Պարբերաբար, համապատասխան մասնագէտներ կ՛այցելեն երեխաներուն, տեսնելու համար, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուին: Խնամատար ընտանիք ընտրելու համար լուրջ աշխատանք կ՛իրականացուի. դիմողներուն առջեւ կը դրուին այն նոյն պահանջները, որոնք կը կիրառուին որդեգրման ժամանակ: Այդ ընտանիքներուն 70 հազար դրամ ամսական կը յատկացուի պետութեան կողմէ: Այս տարի երեխաները խնամատար ընտանիքներու մօտ տեղաւորելու նպատակով, պետական պիւտճէէն յատկացուած է 25 երեխայի համապատասխան գումար:
Նախարարութիւնը նաեւ կ՛աջակցի երեխաներուն իրենց հարազատ ընտանիքներուն վերամիանալու հարցին՝ նիւթական որոշ օգնութիւն ցուցաբերելով։ Նախարարութեան աջակցութեան շնորհիւ, տարեկան 10 երեխայ կը վերամիանայ իր ընտանիքին, իսկ դէպի մանկատուն՝ 40ին մուտքը կը կանխուի: