ԵՐԵՒԱՆ.- Կաշառակերութեան դէմ պայքարող «Թրանսփարէնսի Ինթըրնէշընըլ» նորագոյն տեղեկագրին միջոցով, նշեալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կ՛ահազանգեն վերջին տարիներուն վատթարացած զարգացումներուն մասին։ Հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէյի երկիրներուն մէջ, բնակչութեան շուրջ 40 տոկոսը տարբեր տեսակի կաշառք վճարած է վերջին տարուան ընթացքին: Նախկին խորհրդային երկրիներուն մէջ նման փորձ ունեցած է բնակչութեան 28 տոկոսը, ինչ որ աշխարհի մէջ երկրորդ ցուցանիշն է: Ամենացած ցուցանիշը գրանցուած է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ՝ 2 տոկոս:
Մանր կաշառք վճարողներու համեմատական աղիւսակին մէջ Հայաստան բարձր տեղ կը գրաւէ: Այս առումով աշխարհի մէջ «առաջատար են» ափրիկեան 4 երկիրներ՝ Քամերոն, Սիէրա Լէոն, Ուկանտա եւ Լիպերիա, ուր մանր կաշառք վճարողներուն տոկոսը կը կազմէ 50էն աւելի: 23-49 տոկոս հատուածին մէջ են Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Պոլիվիան, Քամպոտիան, Ղանան, Ինտոնէզիան, Իրաքը, Ռուսիան եւ ուրիշներ: Հետաքրքրական է, որ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի մէջ արձանագրուած համեմատութիւնը 6 տոկոսէն պակաս եղած է:
Հայաստանի մէջ հարցախոյզի մասնակցողներուն 43 տոկոսը խոստովանած է, որ վերջին տարուան ընթացքին կաշառք տուած է: Համեմատութեան համար նշենք, որ շրջանին մէջ Հայաստանէն աւելի բարձր ցուցանիշ ունի միայն Ատրպէյճանը՝ 46 տոկոս:
Նորանկախ երկրիներուն մէջ, որոնց մէջ կը դասուի նաեւ Հայաստանը, վերջերս մանր կաշառակերութեան տոկոսը աճած է միջին հաշիւով՝ 17-28 տոկոսով: Այս երկիրներուն մէջ, հարցախոյզին մասնակիցներուն ընդամէնը 20 տոկոսը ընդունած է, որ կառավարութեանց հակակաշառային ջանքերը արդիւնաւէտ են: Հայաստանի մէջ այդ ցուցանիշը 38 տոկոս է, սակայն 48 տոկոսը համոզուած է, որ նման ջանքեր արդիւնաւէտ չեն:
Համաձայն զեկոյցին, ամբողջ աշխարհին մէջ մարդիկ ամենաշատ կաշառքը վճարած են ոստիկանութեան, իսկ հայաստանցիները ամէնէն աւելի կաշառաուողը կը համարեն դատական համակարգը: Հայաստանի հարցախոյզին մասնակիցներուն 11 տոկոսը կը կարծէ, որ կաշառակերութիւնը առկայ է քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեան մէջ, 12 տոկոսը՝ խորհրդարանական մարմիններու գործունէութեան, իսկ 12 տոկոսը՝ վաճառականութեան հատուածին մէջ:
Համաշխարհային հարցախոյզին մասնակցած է 69 երկիրներէ աւելի քան 70 հազար հոգի, իսկ Հայաստանի մէջ մասնակցողներուն թիւը 1000 հոգի եղած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.