ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուին, որ նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու դաշինքը վերահաստատած է ինքզինք՝ իբրեւ նոր մեծամասնութիւն։ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրած արդիւնքներուն մասին շրջանային ու միջազգային պատասխանատուներ եւ տարբեր պետութիւններ իրենց յայտարարութիւնները կատարեցին։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ողջունեց ընտրութեանց արդիւնքը եւ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը ի վիճակի ըլլայ ամրապնդելու երկրին կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Ան ըսաւ, թէ նման կառավարութիւն մը կրնայ արժանանալ ամերիկեան զօրակցութեան։ Ան նաեւ նշեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանին։ Կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին Գահիրէի մէջ Օպամայի արտասանած ճառը, որուն ընթացքին ան ծայրայեղական ուժերուն դէմ պայքարելու կոչ ըրած էր, իր ազդեցութիւնը ունեցած է «Հըզպալլա»ի գլխաւորած քաղաքական դաշինքին պարտութեան ուղղութեամբ:
Իր կարգին, Ֆրանսա շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ կայացած երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ դրուատեց լիբանանեան ժողովրդավարութեան աշխուժութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց, թէ ինք պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան պետութեան, անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն ու բանակին։
Ռուսիա կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն շարունակելու գործակցութիւնը՝ նշելով, որ Ռուսիա պատրաստ է գործակցելու լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ, ի խնդիր Լիբանանի քաղաքական կայունութեան եւ միասնականութեան ամրապնդման:
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզ, իր կարգին, ակնարկեց լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ նկատել տուաւ, որ անոնք չեն փոխեր այն իրականութիւնը, թէ «Հըզպալլա» պետութեան մէջ պետութիւն է, իսկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք ընտրութիւններու արդիւնքը նկատեց դրական։
Եւրոմիութեան կողմէ Լիբանանի մէջ գտնուող միջազգային դէտերու պատուիրակութիւնը նշեց, որ քուէներ գնելու գործողութիւնները խանգարած են երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման ամբողջ ընթացքը, իսկ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն շնորհաւորեց լիբանանցիները՝ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման առիթով, եւ կոչ ուղղեց «շուտով» կառավարութիւն մը կազմելու։