Երէկուան մեր թիւով ներկայացուցած էինք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին Դաշնակցութեան ընտրամեքենային կազմակերպուածութիւնը, բազմահազար կամաւորներու աշխատանքը, ժողովուրդի տարբեր խաւերու անսակարկ ընդառաջումը Դաշնակցութեան կոչերուն, ցուցմունքներուն եւ մանաւանդ անվերապահ զօրակցութիւնը Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն եւ զօրակցած ընտրացանկերուն։
Երկուշաբթի կէսօրին, Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ պաշտօնապէս յայտարարեց Լիբանանի նոր խորհրդարանի ընտրուած երեսփոխաններուն անունները։
Քուէահամարի տուեալները անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ Դաշնակցութեան ընտրազանգուածը ոչ միայն կը մնայ կայուն ու անսասան, այլ նաեւ կ՛արձանագրէ ինքնանորոգում եւ յաւելեալ աճ։ Խոր են արմատները Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ անքակտելի կապին, որ անխախտելի մնալու բոլոր պատճառները ունի։ Հայկական քուէատուփերէն դուրս եկած քուէները ուրիշ մեկնաբանութեան տեղի չեն տար։ Հայ քուէարկողներուն 80 առ հարիւրը իր վստահութիւնը յայտնելով Դաշնակցութեան՝ քուէարկած է ՀՅԴի առաջադրած թեկնածուներուն եւ զօրակցած ընտրացանկերուն։ Հայկական ա՛յս ընտրազանգուածին իրողական ներկայացուցիչներն են առանց մրցակիցի ընտրուած երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունին (Հիւսիսային Մեթնէն) եւ Արթիւր Նազարեանը (Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն):