ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Երեքշաբթի, Յունիս 9ին առաջարկած է պատմական եւ մշակութային իրականութեանց նենգափոխումներու դէմ պայքարող մարմին մը կազմել՝ Ռուսիոյ օրինակով:
Ան յայտնեց, թէ Մոսկուա գիտակցած է, որ պատմական նենգափոխումները ազգային շահերուն վնասող լուրջ սպառնալիք են, «ուստի ժամանակին զանոնք բացայայտելը, գնահատելը եւ չէզոքացնելը Ռուսիա դարձուց պետութեան պարտականութիւն: Ցաւօք, առայսօր մենք չունինք օտար եւ անբարեացակամ ուժերու կողմէ մեր պատմութեան եւ մշակոյթի փաստերուն նենգափոխումները կանխող որեւէ մարմին: Եւ բնաւ ալ պատահական չէ, որ թրքական գիտնականներու եւ լրատուամիջոցներու բացայայտ զեղծարարութիւնները հատած են բոլոր սահմանները եւ արդիւնքի չեն հասնիր»:
«Ի վերջոյ, հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու թրքական կողմի առաջարկի «թիկունքին» թաքնուած են այդ նենգափոխումները լաւագոյնս օգտագործելու թրքական խորամանկ յաւակնութիւնները եւ արդէն կեղծուած փաստերուն պատրաստ հիմքը: Կ՛առաջարկեմ, առանց յապաղելու, որեւէ ձեւով ստեղծել պատմական նենգափոխումները կանխարգիլող պաշտօնով մարմին կամ խորհուրդ: Այս մամինը կրնայ ստեղծուիլ կառավարութեան կից, Ազգային ժողովի հովանիին տակ, կամ՝ նորակազմ Հանրային խորհուրդի կազմին մէջ:
Ասիկա քննարկման հարց է, բայց նման կազմակերպութիւն մը, խորհուրդ կամ մարմին ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը դարձած է կենսական պահանջ, որ վեր է ամէն կասկածէ: Յուսանք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը գիտակցի այս գործի ողջ կարեւորութեան եւ ձեռնամուխ ըլլայ անոր իրականացման», եզրակացուց Յովհաննիսեան: