ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, Յունիս 8ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան: Նալբանդեան բարձր գնահատած է ֆրանսացի պատգամաւորին անձնական ներդրումը հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու համագործակցութեան ընդլայնման գծով:
Իր կարգին, Ռոշպլուան նշած է, որ ինք մշտապէս եղած է հայ ժողովուրդի բարեկամը եւ պիտի շարունակէ գործունէութիւնը՝ ուղղուած հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու համագործակցութեան ամրապնդման ու խորացման: Ֆրանսացի պատգամաւորը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցած է Հայաստանի մարդասիրական եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ իր առաջադրած ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները: