ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան կը բացառէ Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան՝ Երեւանի որեւէ այլ համայնքի մը կառավարման առաջարկի ընդունումը: Պատգամաւորը լրագրողներուն յայտնած է, որ նմանատիպ առաջարկ մը նախ եւ առաջ պէտք է կուսակցութեան մակարդակով ներկայացուի, բան մը, որ ըստ իրեն, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի քննարկման հարցն է:
«Շնորհակալ եմ նման դիրքորոշման համար, բայց՝ ո՛չ: Դա չի կարող լինել: Ես գտնում եմ, որ պէտք է բացառել որեւէ նման քայլ, հակառակ դէպքում մենք կոալիցիայից դուրս ենք եկել ոչ թէ պաշտօններ ունենալու, ցանկանալու կամ մուրալու մոլուցքով, այլ իշխող քաղաքական ուժի կողմից վարուած քաղաքականութեան եւ մեր մօտեցումների միջեւ առկայ էական տարբերութեանների պատճառով», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ թէեւ այդ տարբերութիւնները հիմնականին մէջ արտաքին քաղաքականութեան կը վերաբերին, բայց իրենք լուրջ առարկութիւններ ունին նաեւ ներքին քաղաքականութեան շարք մը հարցերու վերաբերեալ:
«Մենք ունենք երկրի ներքին սոցիալ-տնտեսական կեանքում բաւականին լուրջ առարկութիւններ. այն, որ կառավարութիւնը մտադիր է կենսաթոշակային համակարգը սեփականաշնորհել, այն, որ ներկայումս իշխող կոալիցիայի պատգամաւորները ներկայացնում են օրինագիծ, որով կենսաապահովման նուազագոյն պիւտճէն ցանկանում են յետաձգել եւս 4-5 տարիով, որ հարկային եւ վարկային քաղաքականութիւնը միտուած է ոչ թէ փոքր եւ միջին պիզնէսի զարգացմանը, այլ ուղիղ հակառակը: Յայտարարում են մի բան, բայց իրականացնում են ուրիշ բան: Այս բոլորին մենք դէմ ենք եւ ընդդիմութիւն ենք ամբողջական ճակատով: Սա պէտք է մէկ ընդ միշտ իմանալ», ըսած է ՀՅԴ պատգամաւորը:
Ան նաեւ նշած է, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն ԱԺ յաջորդ քառօրեայի ընթացքին քննուող «Հարկային փաթեթ»ի մասին օրէնքին:
Ա. Մինասեանի խօսքով, համագործակցութիւնը Երեւանի կառավարող շրջանակներուն հետ հնարաւոր է ոչ կուսակցական, այլ՝ մասնագիտական մակարդակով: Ըստ իրեն, եթէ մասնագէտներ, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն, ներգրաւուին կառավարման ոլորտին մէջ, ապա ամբողջութեամբ այլ խնդիր է, բայց ատիկա պէտք չէ քաղաքական համաձայնութիւն կամ քաղաքական առաջարկ ըլլայ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ըստ բանախօսին, հետամուտ պիտի ըլլայ միասնական յուշագրին մէջ ամրագրուած 22 առաջնահերթութիւններու իրականացման. «Քանի որ այդ յուշագիրը դեռեւս պահպանում է իր ուժն ըստ թիրախների, բոլոր երեք կոալիցիոն ուժերին էլ, ես անձամբ խոստանում եմ, պառլամենտում անընդհատ «Հարցախեղդ եմ անելու», նշած է ՀՅԴ պատգամաւորը:
ՀՅԴ համամասնական ցուցակի առաջին հորիզոնականին վրայ գտնուող Ա. Մինասեան, Մայիս 1ին կայացած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները համարեց շատ աւելի վատ, քան նախորդները:
Ընտրութիւններուն մէջ ՀՅԴ հաւաքած էր 18,648 ձայն, որ բաւարար չէր Երեւանի աւագանիին մէջ ներկայացուած ըլլալու համար: