ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Յունիս 8ին, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է իր հրաւէրով Արցախ ժամանած Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավար Ֆրանսուա Ռոշպլուան եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը: Հիւրերուն կ՛ուղեկցէր Ֆրանսայի մօտ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։
Ողջունելով ֆրանսացի խորհրդարանականին՝ Աշոտ Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ Արցախ այցելելու հրաւէրը ընդունելուն եւ ԼՂՀ օրէնսդիր մարմինի անդամներուն առջեւ բանախօսութեամբ հանդէս գալու համաձայնութեան համար:
Իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով ընձեռուած հնարաւորութեան համար եւ ընդգծելով, որ ատիկա պատիւ է իրեն՝ Ռոշպլուան իր ելոյթը սկսաւ՝ նշելով, որ ինք Հայ Դատի սատարողներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ՝ «Այն պայքարի, որ դուք կը մղէք Լեռնային Ղարաբաղի ազատութեան եւ ամբողջականութեան համար»։
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնախնդիրին՝ ան նշած է, որ Ֆրանսան մշտապէս պաշտպանած է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, կամ մէկ այլ ձեւակերպմամբ՝ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իւրաքանչիւր ազգի իրաւունքը։ «Սա հիմնարար իրաւունք է, որ քննարկման ենթակայ չէ, եթէ նոյնիսկ անոր կեանքի կոչման ձեւերը կրնան փոխուիլ՝ կախուած ժամանակէն եւ աշխարհագրական դիրքէն», պարզաբանած է ան։ Համոզմունք յայտնելով, որ առհասարակ գոյութիւն չունի ժողովուրդ կամ ազգ առանց տարածքի, ֆրանսացի պատգամաւորը նշեց. «Այս պարզ ու յստակ գաղափարը, ըստ ինծի, կիրառելի է Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, եթէ նոյնիսկ վերջին ժամանակաշրջանի պատմութիւնը, հակառակ շահագրգիռ ժողովուրդներուն կամքին, կը բարդացնէ անոր ընկալումը»։
Խօսելով ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւններուն կողմերու փոխզիջման դիմելու անհրաժեշտութեան մասին՝ բանախօսը ըսած է. «Ֆրանսայի մէջ ոչ ոք կը մտածէր, թէ միայն Լեռնային Ղարաբաղի միակողմանի զիջումներուն միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ համաձայնութեան»։ Ատրպէյճանի կեցուածքին անդրադառնալով՝ ան յայտարարած է. «Մենք չենք կրնար վստահիլ պետութեան մը, որ մէկ կողմէն կը հաստատէ խաղաղութեան հասնելու իր ցանկութիւնը, միւս կողմէ՝ հանդէս կու գայ ռազմաշունչ յայտարարութիւններով»։
Ան յայտնած է այն տեսակէտը, թէ շատ աւելի բանական է իրագործել հետեւեալ երեք նպատակները. առաջին՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի անվտանգութեան ապահովում, հաշուի առնելով, որ ցանկացած ժողովուրդ իրաւունք ունի ապրելու տարածքի մը մէջ, որ անոր ինքնութեան մաս կը կազմէ, եւ ուր ան կրնայ կազմակերպել հանրային ապահով նիւթական կեանք, երկրորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական եւ մշակութային ինքնութեան միջազգային յարգանք՝ հիմք ընդունելով, որ անթոյլատրելի է հայկական անցեալի վկաներուն անգնահատելի պատմական ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս տեղի ունեցած է Նախիջեւանի խաչքարերուն պարագային եւ, վերջապէս, երրորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական ու ընկերային կեանքի զարգացում, որ կը պահանջէ, առաջին հերթին, մասնաւոր ներդրումներու ներգրաւում, ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքի աջակցութիւն։
«Այսօր Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ անձեր, տեղական համայնքներ, միութիւններ կանգնած են ձեր կողքին, որպէսզի օգնեն բազում ծրագիրներու իրագործման, եւ ինծի համար մեծ պատիւ է այդ անձանց շարքին ըլլալը», իր խօսքը եզրափակած է ան։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, բողոքած է այն բանին համար, թէ ֆրանսացի երեսփոխանը, առանց Ատրպէյճանի իշխանութեանց արտօնութեան, Արցախ այցելած է: