ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նոր հիւլէակայանի կառուցման համար պիտի ծախսուի շուրջ 4.5 միլիառ տոլար, նշած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը՝ Յունիս 3ին լրագրողներու հետ իր հանդիպման ընթացքին։
Նշեալ հաշուարկումը, ըստ նախարարին, արդիւնք է շարք մը գործօններու, ինչպէս՝ միջազգային շուկայի մէջ համապատասխան մետաղներու գիներուն բարձրացման։
Նախապէս, 7-8 տարի առաջ իրականացուած գնահատման արդիւնքը եղած էր 800 միլիոն տոլար: Գիներու բարձրացման պատճառներէն մէկը նաեւ այն է, որ աշխարհի մէջ աթոմային կայաններուն հանդէպ պահանջքը կտրուկ աւելցած է: «Այժմ աշխարհում շուրջ 50 նոր միջուկային կայանների պատուէր կայ, ինչը բերում է սարքաւորումների թանկացման, համապատասխան մասնագէտների պահանջարկի մեծացման, իրագործման ժամկէտների երկարացման, քանի որ աշխարհում միջուկային սարքաւորումների հանգոյցների արտադրութեան հզօրութիւններ չկան», ըսած է նախարարը:
Ա. Մովսիսեանի խօսքով, Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուի այնպիսի կայան, որ պիտի ունենայ մինչեւ 1200 մեկաուաթ հզօրութիւն եւ անվտանգութեան կրաւորական համակարգ: Ներկայիս գործող աթոմակայանին հզօրութիւնը 400 մեկաուաթ է, իսկ անվտանգութեան համակարգերը կը գործեն բնական ձեւով:
Նախարարը նաեւ նշած է, որ նախքան նոր աթոմակայանի շինարարական աշխատանքներու սկսիլը, պէտք է ընտրուին համապատասխան սարքաւորումներ, տեղադրուին անոնց պատուէրները եւ այլն:
Յիշենք, որ Հայաստանի մէջ նոր հիւլէակայանի կառուցման ծրագիրը իրականացնելու նպատակով, Պետական գնումներու գործակալութեան յայտարարած մրցոյթին յաղթած է «Worley Parsons» միջազգային կազմակերպութիւնը: Այդ առնչութեամբ, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը արդէն կնքած են 459.7 միլիոն տոլարի պայմանագիր:
Ա. Մովսիսեանի համաձայն, «Worley Parsons»ը Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծէ ընկերութիւն մը, որուն բաժնէտոմսերուն 26 տոկոսը պիտի տրամադրուի Հայաստանի կառավարութեան: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի կարենայ մասնակցիլ նոր հիւլէակայանի կառավարման գործընթացին: