ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 3ին հանդիպելով լրագրողներու հետ՝ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան հաղորդեց, թէ Հայաստանէն Թուրքիա ելեկտրականութիւն արտածելու ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ սկսած են արդէն:
Մովսիսեան յայտնեց, թէ Հայաստան բաւական լաւ փորձ ունի, եւ այս ուղղութեամբ նախապէս աշխատանքներ կատարուած են Վրաստանի եւ Իրանի հետ, «Սակայն Թուրքիայի համապատասխան համակարգի հետ աշխատելու փորձ չունենք», աւելցուց Մովսիսեան՝ յիշեցնելով լրագրողներուն, թէ այս ծրագրի պայմանագիրը ստորագրուած է թրքական «Կոմերսիոն» ընկերութեան հետ, իսկ գործընթացին համար քաղաքական որեւէ նախապայման չկայ: