«Մխիթարեան» Վարժարանի աշակերտները Մեծ Եղեռնի 94րդ տարելիցին առիթով ուղեւորութիւն մը կատարեցին դէպի Ֆրեզնօ եւ վերադարձան անմոռանալի տպաւորութիւններով։
Ապրիլ 23, 2009։ Պատմական պտոյտ դէպի Ֆրեզնօ։ Առաջին կայանը եղաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր մեզի բացատրութիւն տուին եկեղեցւոյ մասին, ետքը այցելեցինք Սարոյեանի արձանը. հոն աշակերտներէն մէկը կարդաց Սարոյեանի կենսագրութիւնը, իսկ մենք իր խօսքերը արտասանեցինք։ Յետոյ այցելեցինք Սասունցի Դաւիթի արձանը. վրան գրուծ էր «David or Sassoon Donated by the people ot Armenian Descent»։
Թալէաթ Փաշան սպաննած նշանաւոր հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանին մօտ երգեցինք ու արտասանեցինք, ետքը ուղղուեցանք ծերանոց. հոն ալ երգեցինք ու արտասանեցինք։ Շատ յուզիչ էր ծերանոցը, ծերերէն շատերը կ՛երգէին, կու լային՝ յիշելով իրենց անցեալը։
Մէկ օրը բաւարար էր, որ մենք հոգուով եւ սրտով աւելի հայանանք եւ կապ հաստատենք մեր նահատակներուն հետ։
Տուն վերադարձանք յուզուած, նաեւ երջանիկ։
Մէրի Չորբաջեան (Ը. կարգ)
Երեք ժամ տեւեց Ֆրեզնօ երթալը։ Առաջին կայանը եղաւ պատմական Ս. Երրորդութիւն գեղեցիկ եկեղեցին, ուր աղօթեցինք, շարականներ երգեցինք եւ մոմ վառեցինք։ Այնտեղէն ուղղուեցանք Ուիլեըմ Սարոյեանի արձանը, որ զետեղուած է շէնքի մը առջեւ։ Ան մեծ հեղինակ եղած է եւ շատ կարեւոր դեր ունեցած է ամերիկեան եւ հայկական գրականութեան մէջ։
Գեղեցիկ էր Սասունցի Դաւիթին արձանը՝ ձիու վրայ նստած, թուրը ձեռքին, հպարտ եւ կարծես միշտ պատրաստ՝ Հայրենիքին օգնելու։
Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանը հասանք։ Ան ծնած է 1904ին եւ մահացած՝ Ապրիլ 15, 1960ին։ Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է իր ընտանիքը, սպաննած է թուրք ջարդարար Թալէաթ Փաշան, բայց չէ պատժուած, որովհետեւ մեր նահատակներուն վրէժը լուծած է։ Այսօր ալ պէտք է պահանջենք, ոչ զէնքով, այլ մեր պատմութեամբ, գրիչով եւ մտքերով, եւ վստահաբար պիտի յաղթենք։
Ճաշեցինք Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր քահանան պատմեց եկեղեցւոյ մասին եւ տեղեկացուց, որ 50,000 հայեր կը բնակին Ֆրեզնոյի մէջ։
Այդ օրը շատ յաճելի էր եւ մենք օգտակար գիտելիքներ սորվեցանք։
Մելինէ Ծաղիկեան (Ը. կարգ)
Մեր դպրոցը Ապրիլ 24ին առթիւ մեզ Ֆրեզնօ տարաւ։ Շատ հետաքրքրական պտոյտ մըն էր։
Ուիլեըմ Սարոյեանի արձանը այցելեցինք. հոն 8րդ կարգի աշակերտուհիները Քրիսին հետ միասին կարդացին իրենց խօսքերը։ Ամէնէն հետաքրքրականը Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանն էր։ Ան հայ ժողովուրդի թշնամի Թալէաթ Փաշան սպաննողն է։ Հոն հոգեհանգիստ ըրինք իր հոգիին համար, յետոյ ծերանոց գացինք. շատ յուզուեցանք հոն, որովհետեւ ծերերը կը յուզուէին, երբ մենք կ՛երգէինք։ Անմոռանալի պտոյտ մըն էր։
Մէրի Հալէպեան (Զ. կարգ)
Երեք ժամ ինքնաշարժով Ֆրեզնօ գացինք։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ պատասխանատու տիկինը խօսեցաւ եկեղեցիին մասին։ Հոն շարականներ երգեցինք եւ աղօթեցինք։
Յետոյ գացինք William Saroyan-ի արձանը տեսնելու։ Ան ծնած է 1908ին եւ մեռած է 1981ին։ Հայրը մահացաւ, երբ ան փոքր էր եւ խաղալու փոխարէն՝ կ՛աշխատէր, որպէսզի մօրը օգնէր։
Գերեզմանոցին մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանը այցելեցինք։ Ան ծնած է Արեւմտահայաստանի մէջ եւ իր ընտանիքը կորսնցուցած է ջարդի ժամանակ։ Սողոմոն մեծ թիւով ջարդուած հայերու եւ իր ընտանիքին վրէժը լուծեց Թալէաթ Փաշան սպաննելով։ Հոն երգեցինք, աղօթեցինք, արտասանեցինք եւ յետոյ տուն վերադարձանք՝ շատ հպարտ զգալով իբրեւ հայեր։
Լուսիա Ազատեան (Զ. կարգ)
Երբ Ֆրեզնօ հասանք, Holy Trinity եկեղեցին գացինք, ապա՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի յուշարձանը, որուն դիմաց կարդացի Սարոյեանին կենսագրութիւնը։ Սասունցի Դաւիթին արձանէն ետք այցելեցինք Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանը, ուր երգեցինք ու արտասանեցինք: Ես շատ հպարտ զգացի։
Ծերանոց ալ այցելեցինք եւ վերադարձանք՝ հոգիով աւելի հայացած։
Քրիստափոր Եղիայեան (Զ. կարգ)
Ապրիլ 24ի առթիւ, մենք դպրոցով Ֆրեզնօ գացինք։ Մեր առաջին կայանը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին էր, յետոյ Ուիլեըմ Սարոյեանի արձանը։ Սասունցի Դաւիթին արձանին այցելութենէն ետք, հասանք Սողոմոն Թեհլիրեանին գերեզմանը։ Ինքն է, որ հայերուն վրէժը լուծեց՝ սպաննելով Թալէաթ Փաշան։
Այս բոլորը տեսնելէ վերջ, հիմա գիտենք, որ ամէն օր հայերէն պիտի խօսինք։
Մարիամ Ամրան (Ե. կարգ)
Հինգշաբթի առաւօտուն, ժամը 7։00ին ինքնաշարժին մէջն էինք։ Չորս ժամ յետոյ, Ֆրեզնօ հասանք եւ գացինք Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին ու «Տէր Ողորմեա» երգեցինք. պատասխանատու կին մը մեզի բացատրեց, որ եկեղեցին կառուցուած է 1914ին, ինչպէս նաեւ Զօրավար Անդրանիկը այցելած է այս եկեղեցին։ Ամէն տարի Ապրիլ 24ին Քաղաքապետարանը հայկական դրօշակը կը դնէ եւ շատ հայեր կ՛այցելեն։ Յետոյ գացինք Ուիլեըմ Սարոյեանի արձանին մօտ։ Ան փոքր տարիքէն կորսնցուցած է հայրը։ Իր գրութիւնները դժբախտաբար Անգլերէն լեզուով են, բայց շատ սիրուած գրող է։ Սասունցի Դաւիթին արձանը այցելելէ ետք, գացինք Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանը եւ հոն մեր քայլերգը երգեցինք։ Թեհլիրեան 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն վրէժը լուծած է՝ սպաննելով Թալէաթ Փաշան։ Ճաշելէ ետք այցելեցինք ծերանոց, հոն երգեցինք ու արտասանեցինք։ Ծերերը շատ ուրախացան։
Վերադարձանք շատ բարձր տրամադրութեամբ։
Լինտա Թամազեան (Ե. կարգ)
Ապրիլ 24ի առիթով, Պարոն Ոսկանը մեզի Ֆրեզնօ տարաւ։
Նախ Ֆրեզնոյի առաջին հայկական եկեղեցին այցելեցինք. անիկա շինուած է 1914ին, ապա՝ William Saroyan-ի արձանը։ Ան շատ լաւ հեղինակ է եւ պատիւ բերած է հայերուն։ Քալեցինք դէպի Սասունցի Դաւիթին արձանը, ապա՝ գերեզմանը Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 1.5 միլիոն նահատակուած հայերու վրէժը լուծեց՝ սպաննելով Թալէաթ Փաշան։ Շատ ուրախ եւ հպարտ զգացի իր գերեզմանը այցելելով։
Ս. Պօղոս եկեղեցիին մէջ տէր հայրը մեզի ըսաւ, որ Ֆրեզնօ ամերիկահայերուն Երեւանն է եւ շատ կարեւոր է հայոց պատմութան մէջ։
Ծերանոցին մէջ ծերերուն համար երգեցինք եւ անոնք շատ ուրախ զցացին։
Այս պտոյտով իմ նախահայրերուս մասին աւելի սորվեցայ եւ հայ հերոսի գերեզմանը տեսայ։
Փիթըր Տէմիրճեան (Ե. կարգ)
Երբ հասանք Ֆրեզնօ, նախ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին գացինք եւ «Տէր Ողորմեա» երգեցինք։
Անկէ ետք քալեցինք մենչեւ Ուիլեըմ Սարոյեանի եւ Սասունցի Դաւիթին արձանները, յետոյ գացինք Արարատ գերեզմանը, ուր թաղուած են Ուիլեըմ Սարոյեանը եւ մեծ հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանը, որ մեռած է 49 տարիներ առաջ։ Ան 29 տարեկան էր, երբ Թալէաթ Փաշան սպաննեց՝ Գերմանիոյ մէջ։ 63 տարեկանին մեռաւ Ֆրեզնոյի մէջ։
Այս պտոյտը մեզի օգնեց, որ աւելի լաւ հասկնանք հայոց պատմութիւնը։
Նանոր Ասատուրեան (Դ. կարգ)
Ապրիլ 23ին Ֆրեզնօ գացինք։ Այցելեցինք Ուիլեըմ Սարոյեանի, Սասունցի Դաւիթի արձանները եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանը։
Գացինք նաեւ հայկական ծերանոց եւ այցելեցինք հայկական երկու եկեղեցիներ։ Կը մտածէի, որ թուրքը չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, որովհետեւ մենք տակաւին հայերէն կը խօսինք։
Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանանք։
Գրիգոր Յունանեան (Գ. կարգ)
Ապրիլ 24ի առիթով, դպրոցով մեկնեցանք Ֆրեզնօ, ուր ապրած է Ուիլեըմ Սարոյեանը։ Հոն այցելեցինք նաեւ Սասունցի Դաւիթին արձանը։
Ս. Պօղոս եկեղեցիին սրահին մէջ ճաշեցինք, արտասանեցինք եւ ուխտեցինք երբեք չմոռնալ 1915ի Ցեղասպանութիւնը։
Քրիս Սրապեան (Գ. կարգ)
Ապրիլ 23ին, երբ Ֆրեզնօ հասանք, պաստառներ եւ եռագոյն դրօշակներ բռնած՝ քալելով գացինք եկեղեցիէն մինչեւ Սասունցի Դաւիթին արձանը։ Հոն մտածեցի, որ ես ալ կ՛ուզեմ Առիւծ Մհերին եւ Դաւիթին պէս քաջ հայ մը ըլլալ։
Րաֆֆի Սրապեան (Բ. կարգ)
Ապրիլ 23, 2009ին, ընկերներով Ֆրեզնօ գացինք, ուր տեսայ 100 տարուան եկեղեցի մը։ Շատ հպարտ զգացի, երբ Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանին մօտ երգեցինք եւ արտասանեցինք։
Սիրելի՛ Սողոմոն, «Մենք յաւերժ ենք մեր լեռներուն պէս։ Մենք քեզ պիտի չմոռնանք»։
Թալիա Տօրեան (Բ. կարգ)