ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հայկական մշակութային հիմնարկութեան կազմած փառատօնի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ Հայաստանի Անկախութեան օրուան նուիրուած տարեկան չորրորդ փառատօնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 24ին, Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ՝ մասնակցութեամբ հազարաւոր հայորդիներու:
Այս տարի եւս փառատօնը հովանաւորած էին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քէվըն տը Լէոն եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էրիք Կարսէթի, մինչ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Փօլ Գրիգորեան եւ Մայք Ֆիւրըր յատկանշական օժանդակութիւն ցուցաբերած էին:
Նաեւ, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Տայան Ուաթսընի ներկայացուցիչ մը յատուկ յուշատախտակ մը յանձնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն՝ դրուատելով անոնց տարած աշխատանքը:
Ինչպէս նախկին տարիներուն, այս տարի եւս փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցան հայկական մշակութային նմոյշներ, ինչպէս նաեւ հայկական երգեր ու պարեր ներկայացուեցան ու համեղ ու այլազան ճաշեր ծախուեցան: Կային նաեւ զանազան ապրանքներ ծախող կրպակներ, իսկ երեխաները հաճելի ժամանակ անցուցին իրենց յատուկ պատրաստուած խաղավայրէն ներս:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Յարութ Փամպուքճեան, Ճոզէֆ Գրիգորեան, Սահակ Սիսլեան, Արա Շահբազեան, Արթին Պետրոսեան, Առնօ, Յարութ Յակոբեան, Անթուան, Էրովասքի եւ հայկական պարախումբեր:
Լուսանկարները՝ Վաջէ Թովմասեանի