ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յունիս 2ին Երեւանի մէջ, պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, պատասխանելով լրագրողներու այն հարցին, թէ՝ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Իսլամական 36րդ խորհրդաժողովին ընդունուած երեք բանաձեւերը, Է. Նալբանդեան նշած է, որ կարելի է միայն ափսոսալ, որ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուող ջանքերը՝ շահարկել Իսլամական խորհրդաժողովը, կազմակերպութեան երկիրներու կրօնական սկզբունքները, վտանգաւոր փորձերը, Ղարաբաղեան խնդիրին կրօնական բնոյթ տալը, բերած են այդ փաստաթուղթերու ընդունման, որոնք չեն կրնար նպաստել Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման կամ մեր տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման։
«Դրանք բացարձակ վնաս են հասցնում նաեւ ընթացող բանակցութիւններին, քանի որ դրանք ընդունուած են հիմնուելով աղաւաղուած տեղեկատուութեան վրայ, այդ փաստաթղթերը խեղաթիւրում են խնդիրի ու բանակցութիւնների բնոյթը եւ էութիւնը», աւելցուցած է Է. Նալբանդեան՝ յիշեցնելով, որ հայ ժողովուրդը բազմադարեան աւանդոյթ ունի կրօնական համակեցութեան եւ այլ կրօններու ժողովուրդներուն հետ համերաշխ ապրելու վերաբերեալ։ Դրա վառ օրինակներից մէկն էլ Սիրիայի ժողովրդի հետ բարեկամութիւնն է»:
Նոյն ասուլիսին ընթացքին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ, պատասխանելով լրագրողներու հարցին՝ յայտնած է, թէ ղարաբաղեան հարցի լուծումը պէտք է ըլլայ յօգուտ եւ ընդառաջ ատրպէյճանցիներու եւ հայերու շահերուն, եւ պէտք է յանգեցնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ըստ Սուրիոյ ԱԳ նախարարին, որեւէ այլ լուծում կրնայ բարդացնել կողմերու յարաբերութիւնները, սրել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ յետաձգել ցանկալի լուծումը։ «Խիզախութիւնը այն է, որ պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերել՝ արդար լուծման համար», ըսած է Սուրիոյ ԱԳ նախարարը։
Նշենք, որ Մայիս 23-25ին Դամասկոսի մէջ կայացած էր Իսլամական 36րդ համաժողովը, որուն իբրեւ արդիւնք ընդունուած երեք բանաձեւերը կապուած են «Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի յարձակողապաշտութեան հետ»։ Անոնք կը դատապարտեն «Հայկական յարձակողապաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամական յուշարձաններուն ոչնչացումը, կ՛ընդունին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը» եւ այլն:
Նշենք, որ Սուրիոյ արտաքին նախարարը Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահին ու վարչապետին հետ: Նաեւ, յառաջիկային կը սպասուի Սուրիոյ նախագահ Ասատի Երեւան այցելութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.