ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները աւարտեցան իշխող կուսակցութեան «փայլուն» յաղթանակով։ Պետական բոլոր կառոյցները, դաշնակից ունենալով Հայաստանի նորելուկ միլիոնատէրերու փոքրաթիւ, բայց ազդեցիկ խմբակն ու փողոցային «հեղինակութիւնները»՝ ամիսներ շարունակ գերագոյն լարուածութեամբ աշխատելէ ետք, անգամ մը եւս կրցան իրենց կամքը պարտադրել եւ ստանալ պէտք եղած արդիւնքը։ Զարմանալի ոչինչ կայ այս բոլորին մէջ։ Անցնող 15 տարիներուն Հայաստանի բոլոր ընտրութիւնները խարդախ ու անարդար եղած են։ Տարբեր չէին կրնար ըլլալ նաեւ ա՛յս ընտրութիւնները։
Այսօր, դժբախտաբար, պետական վարչամեքենային, նորելուկ միլիոնատէրերու եւ փողոցային հեղինակութիւններու շահերը նոյնացած են իրարու եւ ստեղծած տնտեսական փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած անպաշտօն համակարգ մը, որ ի գին ամէն ինչի, նոյնիսկ ի գին ազգային գերագոյն շահերու, կ՛ուզէ պահել ու շարունակել իր գոյութիւնը։ Հայաստանի իշխանաւորներու եւ այսպէս կոչուած գործարարներու վերնախաւի շահերը անքա՜ն միաձուլուած են, որ կողմերէն որեւէ մէկու դիրքին, պաշտօնին կամ գործունէութեան սպառնացող որեւէ վտանգ՝ սպառնալիք է նաեւ միւսին համար։ Ամէն տեսակ մենաշնորհներ վայելող գործարար միլիոնատէրերու ակումբին համար իշխանութիւններու փոփոխութիւն կը նշանակէ բոլոր տեսակի առանձնաշնորհումներու կորուստ, իսկ իշխանութիւններուն համար՝ միլիոնատէրերու այս խմբակին հասցուած որեւէ վնաս համազօր է նիւթական ու տնտեսական լծակներու փոշիացման, ուրեմն նաեւ՝ վերընտրուելու հնարաւորութեան նսեմացման։
Անցեալին, համակարգէն դուրս գտնուող քաղաքական ուժերը, որոնք զրկուած եղած են ընտրազանգուածին վրայ ազդելու վարչական եւ նիւթական լծակներէն՝ լուսանցքայնացումէ խուսափելու համար, կա՛մ համակերպած են գոյութիւն ունեցող իրավիճակին հետ, եւ իբրեւ վարձատրութիւն, անոնց տրուած է սահմանափակ ներկայութիւն իշխանութեան մէջ, կամ ալ (եւ յաճախ արտաքին կասկածելի կողմերու օժանդակութեամբ) փորձած են ժողովուրդի դժգոհ խաւը զօրաշարժի ենթարկելով իշխանափոխութիւն իրականացնել։
Քաղաքապետական ընտրութիւնները, սակայն, անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ ցարդ որդեգրուած մարտավարութիւններով կարելի չէ եղած խախտել գոյութիւն ունեցող համակարգին հիմերը։ Ընդհակառակը, համակարգը աւելի ամրացուցած է իր դիրքերը եւ գագաթնակէտի հասցուցած՝ ընտրամեքենայի հակաժողովրդավարական, բայց ազդու եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։
Յստակ է, որ առանց այս համակարգի չէզոքացման, կարելի պիտի չըլլայ արդար եւ ազատ, ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարել Հայաստանի մէջ։
Քաղաքական ուժերուն կը մնայ իրենց ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկել եւ հաշուի նստիլ անցեալի փորձառութիւններուն հետ, եթէ անշուշտ, անոնք իսկապէս շահագրգռուած են իրերու դրութեան փոփոխութեամբ, եւ եթէ ազգային շահերու գերակայութիւնը կը համատեղեն իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման հետ։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com