ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի 27 Մայիսի թիւէն կը տեղեկանանք, որ 31 Մայիսին պիտի փակուի Շաւարշ Միսաքեանի հիմնած «Յառաջ» օրաթերթը:
Ստորեւ՝ այս առիթով «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի խմբագրական ակնարկը:
«Նախապէս սրտի ցաւով հաղորդած էինք, թէ Փարիզի մեր աշխատակից «Յառաջ» թերթը, արտօնատէր տիկին Արփիկ Միսաքեանի անակնկալ որոշումով պիտի փակուէր Յունիսի վերջաւորութեան: Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ հիմնուած թերթը, որուն արժանաւոր յաջորդը եղած էր անոր դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեանը, 84 տարիէ ի վեր կը ներկայացնէր Եւրոպայի հայ կեանքի բազկերակը եւ կը նկատուէր հայ իրականութեան ամէնէն կարեւոր քանի մը թերթերէն մէկը: Մեր կարծիքով ալ, «Յառաջ»ը հայ մամուլի գետնի վրայ այն օրաթերթն էր, որ կը փրկէր Եւրոպայի հայութեան պատիւը:
Ի՜նչ մեղք սակայն, որ կը տեսնէինք, թէ թերթին խմբագրութիւնը չէր կրցած թերթին տպագրութիւնը յարմարցնել մերօրեայ արդի տպագրութեան թեքնիքին եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր տպագրական դժուարութիւններէ: Գիտէինք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս բոլոր հայատառ թերթերը, «Յառաջ»ն ալ այլեւս ինքնաբաւ չէր եւ կը ստիպուէր դիմել այս թերթը սիրողներու ու գնահատողներու օժանդակութեանց:
Ամիսներէ ի վեր բազմաթիւ գրասէրներ կը դիմէին տիկին Արփիկ Միսաքեանին, որպէսզի զինքը տարհամոզէին ու հրաժարեցնէին թերթը փակելու որոշումէն: Բայց այդ դիմումները հարցը չէին կրնար լուծել, ուրեմն չկրցան տարհամոզել տիկին Միսաքեանը, որ ոչ միայն չփոխեց իր որոշումը, այլ առաւել եւս մօտեցուց փակման թուականը: Այս շաբաթ հրատարակուած խմբագրականի մը մէջ Արփիկ Միսաքեան, իր բաժանորդներէն ներողութիւն խնդրելով հրապարակեց, թէ «Յառաջ»ի վերջին թիւը պիտի հրատարակուի 30-31 Մայիսին, այսինքն՝ քանի մը օր ետք:
Տիկին Միսաքեան կը բացատրէ, թէ փակման որոշումը տրուած է տպագրական դժուարութիւններու եւ նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով: Տպաքանակը շարունակ կը նուազի, ծանուցումները կը պակսին, ընթերցողներուն ու աշխատակիցներուն թիւը կը նուազի: Ասիկա մեզ չի զարմացներ: Մենք ալ կ՛ապրինք նոյն ողբերգութիւնը: Մինչ ֆրանսերէն, անգլերէն, թրքերէն լեզուներով հրատարակուած հայկական թերթերը կը բարգաւաճին ու կը ճոխանան, հայատառ թերթերը կը նահանջեն ու կ՛անտեսուին: Ասիկա բնաւ կապ չունի անոնց արժէքին հետ:
Կապ ունի հայկականութեան ու հայախօսութեան անփառունակ նահանջին եւ հայկական ինքնութեան այլասերումին հետ: Այս գրեթէ անսրբագրելի նահանջին է, որ զոհ կ՛երթայ «Յառաջ»ը:
Բայց մենք կը գուշակենք, թէ Արփիկ Միսաքեան ուրիշ մտահոգութիւններ ալ ունի, երբ կ՛որոշէ փակել «Յառաջ»ը: Ամէն պարագայի, անոր ցանկութիւնն է այնքան պատիւով քաշուիլ հրապարակէն, որքան պատիւով այսքան տարիներէ ի վեր շարունակեց կատարել իր առաքելութիւնը: Չարտօնել, որ թերթը իջնէ մինչեւ աւելի ցած մակարդակներ:
Աւելորդ է ըսել, որ մեզի համար ալ անմխիթարելի ցաւ է տեսնել, թէ այսքան հզօր անցեալ մը ունեցող օրաթերթ մը եւս ահաւասիկ կը փակէ իր դռները իր ընթերցողներուն եւ հայոց լեզուին: Անշուշտ որ այս տխուր պատկերէն բնաւ պիտի չազդուին բոլոր այն հայերը, որոնք ուրիշ լեզուներով «Ես հայ եմ» կ՛ըսեն ու իրենց հայութիւնը կ՛արտայայտեն ոչ հայերէնով, աւելին՝ հայախօսներէն ալ աւելի շատ հայրենասիրութիւն կը քարոզեն: Այս տխուր պատկերէն պիտի ազդուին միայն ափ մը այն հարազատ հայերը, որոնք տակաւին իրենց հոգին կը տաքցնեն հայերէն կարդալով ու հայերէն խօսելով:
Ըսելիք ուրիշ բան չկայ:
Հայ ժողովուրդը համատարած նոր ողբերգութիւն մը կ՛ապրի ամէնուրեք, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, եւ ի՛նչ հեգնանք է, որ հայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը լուր չունի ատկէ: Այդ ստուար մեծամասնութիւնը նոյնիսկ պիտի չանդրադառնայ, թէ բան մը ահաւոր կերպով պարապ պիտի մնայ, երբ «Յառաջ» պիտի փակուի:
Կը ցաւինք: Կը ցաւինք ո՛չ միայն «Յառաջ»ին փակուելուն համար, այլ կը ցաւինք նաեւ այս որբերգութեան նկատմամբ մեր ժողովուրդին հարիւր հազարաւոր «հայրենասէր»ներուն, «բարերար»ներուն ու «օտարաշունչ մտաւորական»ներուն կողմէ ցուցաբերուած ահաւոր անտարբերութեան համար»: