ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճան Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան 36րդ ժողովին ընթացքին դէմ դրած է Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւի մը որդեգրման։
Ատրպեճանական «1Նիւզ.ազ» կայքը, իր տեղեկութիւնները քաղելով արաբական մամուլէն՝ կը յայտնէ, թէ Ատրպէյճան ընդդիմացած է նաեւ Քոսովոն Միջազգային դրամական հիմնադրամին անդամ դարձնելու առաջարկին: Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է. «Ատրպէյճանի կեցուածքը կը բաւարարէ Սերպիան»։
60 երկիրներ, ներառեալ՝ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան անդամ պետութիւններ, արդէն իսկ ճանչցած են Քոսովոյի անկախութիւնը։ Ատրպէյճանի կողմէ արգելակուած բանաձեւը ներկայացուած էր Սէուտական Արաբիոյ կողմէ։
Սերպիոյ իշխանութիւնները այն մտավախութիւնը ունին, թէ Սէուտական Արաբիա արաբական աշխարհին մէջ Քոսովոյի ճանաչման նոր ալիք մը կրնայ հրահրել։ Ըստ անոնց, Քոսովոյի ներկայացուցիչները վերջին շրջանին աշխուժացուցած են արաբական երկիրներուն ուղղութեամբ իրենց ջանքերը՝ յոյս ունենալով, որ իսլամական զօրակցութիւնը հիմք կը հանդիսանայ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման համար։