ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մայիս 28ին համաներման յայտարարութիւն չըրաւ նախագահը՝ աչք առնելով նոյնիսկ իր ամէնէն մօտիկ գործակիցներէն Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի վարկաբեկումի կարելիութիւնը: Այս վերջինը որոշ հեղինակութիւն շահելու յոյսով հաւանաբար, քիչ մը առաջ ինկած էր՝ հրապարակելով, որ նախագահը անկախութեան տօնին առիթով համաներում պիտի շնորհէ Մարտ մէկի կապակցութեամբ արգելափակուածներուն:
Նախագահը, անօրինակ ժողովրդավարութիւն ցուցաբերելով՝ այս հարցը որոշած է միանձնեայ չլուծել, այլ դիմել հասարակական եւ քաղաքական գործիչներու խորհուրդին:
Երանի թէ նախագահը, նախքան իր բոլո՛ր որոշումները առնելը, խորհրդակցի քաղաքական ուժերու ու գործիչներու հետ, որպէսզի կանխուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ստեղծած գայթակղութիւններու կրկնութիւնը:
Խորհրդակցութեան սկսած պահն ալ խնդրական դարձած է, քաղաքական մէկ այլ գայթակղութեան՝ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու ստեղծած փոթորկալի մթնոլորտին պատճառով, ինչ որ կրնայ նոյնիսկ բոլորովին անիմաստ դարձնել այլապէս հասարակութեան ներքին հաշտեցման ու ներազգային լարուածութեան մեղմացման կոչուած համաներում յայտարարելու նախաձեռնութիւնը:
Արդարեւ, Մայիս 31էն ետք նոր իրավիճակ ստեղծուեցաւ Հայաստանի մէջ. լարուածութեան մակարդակը քանի մը աստիճանով աւելի բարձր է քան նախապէս, եւ այս նոր կացութեան լոյսին տակ համաներումը վստահաբար պիտի պարպուի իր բովանդակութենէն ու բոլոր ճիգերը՝ զայն ներկայացնելու իբրեւ իշխանութեան կողմէ ձիթենիի ճիւղի առաջարկ՝ ուղղուած ընդդիմութեան, պիտի անտեսուին ու մերժուին:
Այս իրողութեան լոյսին տակ, անիմաստ է նախագահին խորհրդակցութիւններու ու հասարակական պահանջքի արուեստական ձեւաւորման ուղղուած քայլերը: Պէտք է շտապ յայտարարել համաներումը ու այդ էջը փակելէ ետք անցնիլ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրացնող գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման, առանց որուն երկիրը պիտի չկարենայ դիմագրաւել թէ՛ տնտեսական ճգնաժամը, եւ թէ՛ քաղաքական լուրջ մարտահրաւէրները: