ՀՕՄի Հարիւրամեակի սեմին, եգիպտահայ Տէր եւ Տիկին Ճագի եւ Սեդա Կէվրէկեանները հաստատեցին հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի հիմնադրամ մը, որուն տարեկան հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի ծրագիրներուն։ Գումարը պահ պիտի դրուի ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անձեռնմխելի ֆոնտին մէջ եւ ամէն տարի այդ գումարի շահարկումէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած ծրագիրներուն։
Ճագի Կէվրէկեան ծնած եւ հասակ նետած է Եգիպտոսի Աղեքսանտրիա քաղաքը։ Յաճախած է ֆրանսական Սեն Մարք երկրորդական վարժարանը ապա նետուած է ոսկերչութեան ասպարէզ, որ իր հօրենական արհեստն էր։ 1969ին ամուսնացած է Գահիրէի հայ համայնքի կարկառուն ընտանիքներէն մէկուն դստեր՝ Սեդա Գըզըլեանի հետ, եւ բախտաւորուած է երկու մանչ զաւակներով՝ Վահրամ եւ Դրօ։
Կէվրէկեան ընտանիքը 1975ին փոխադրուած է Գահիրէ։ 1990էն մխրճուած է զբօսաշրջութեան գործին մէջ՝ հիմնելով Nile Crocodile Cruise ու Travel Ways հաստատութիւնները։
Կէվրէկեան ընտանիքը գործօն մասնակցութիւն բերած է եւ կը շարունակէ բերել եգիպտահայ համայնքի ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ։ Ճագին անդամ եղած է Աղեքսանտրիոյ եւ Գահիրէի Ազգային թեմական ու քաղաքական ժողովներուն։ Ան մօտ եղած է Աղեքսանտրիոյ «Կամք» մարմնամարզական միութեան ու «Յառաջդիմասէր» մշակութային ակումբին, նաեւ երկու շրջան վարած է Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ» մարզական միութեան վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Ներկայիս անդամ է Գահիրէի թեմականին եւ «Յուսաբեր» մշակութային միութեան վարչութեան: