ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ ղեկավար անդամ եւ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի գնահատմամբ, առաջին հերթին իշխանութիւնները, բայց նաեւ հասարակութիւնը, անգամ մը եւս չյաջողեցան ապահովել թափանցիկ, արդար եւ ազնիւ ընտրութիւններ:
«Բանն այն է, որ ընտրական գործը իշխանութիւնները շատ յաճախ վստահում են լակոտների, պարզապէս թաղային լակոտների, որոնք, բացարձակապէս չհասկանալով ընտրութեան իմաստը ժողովրդի, պատմութեան, ազգի զարգացման, պետութեան կայունացման համար, դա վերածում են խաղի: Ընդ որում, գրաւները զուտ նիւթական են: Բացարձակապէս գաղափարական, քաղաքական մօտեցում չի դրսեւորւում», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան, Երեքշաբթի, Յունիս 2ին:
Կուսակցութեան Գերագոյն մարմինը Երկուշաբթի օր իր տարածած յայտարարութեան մէջ քանի մը կոշտ գնահատականներ հնչեցուցած էր՝ մասնաւորապէս նշելով. «Նմանատիպ ընտրութիւնները յանցաւոր անպատասխանատուութիւն են մեր պետութեան, ժողովրդի եւ մեր երեխաների հանդէպ, եւ Դաշնակցութիւնը երբե՛ք չի համակերպուելու այս իրավիճակին հետ»:
Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հարցին, թէ՝ «Չհամակերպուելով իրավիճակին հետ», կուսակցութիւնը ի՞նչ քայլերու կը պատրաստուի ձեռնարկել, ըսաւ. «Պիտի բոլոր ուղղութիւններով աշխատենք, որպէսզի ընտրութիւնները վերադառնան իրենց կոչմանը համապատասխան բովանդակութեանը»:
Ռուստամեանի բնորոշմամբ, այսպիսով, մեր երկրին մէջ կը խախտուի մարդու ամենակարեւոր իրաւունքը: «Իշխանութեան վերարտադրման դէմն առնելը բոլոր քաղաքական ուժերի, այդ թւում նաեւ Դաշնակցութեան, թիւ մէկ հարցը պէտք է լինի: Իրաւունքի բռնաբարման դէմ պէտք է փորձենք ստեղծել լուրջ պայքարի մեխանիզմներ՝ կոնսոլիդացնել քաղաքական դաշտը, քաղաքական ուժերին, այդ ուղղութեամբ մշակումներ իրականացնել, թէ՛ օրէնսդրական փոփոխութիւնների ձեւով, թէ՛ ընդհանրապէս ընտրական համակարգը ամբողջութեամբ առողջացնելու, որովհետեւ դա միայն ընտրական օրէնսգիրքով չէ, որ իրականացւում է: Համապատասխան մեխանիզմներ պէտք է ստեղծուեն, որ այդ օրէնքը չմնայ թղթի վրայ», պարզաբանեց Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: