ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքեան Քիւրտիստանի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Յունիս 1ին պաշտօնապէս սկսած են Թուրքիոյ վրայով քարիւղ արտածելու միջազգային շուկայ:
Այդ առիթով, Արպիլի մէջ կազմակերպուած քարիւղատարի բացման արարողութեան ընթացքին, Իրաքի քիւրտ նախագահ Ճալալ Թալապանին ներկաներուն յայտնեց, որ «Բոլորին փաստեցինք, թէ կ՛աշխատինք Իրաքի միասնութեան եւ համերաշխութեան համար, որուն ակնյայտ օրինակը Հիւսիսային Իրաքի քարիւղը Իրաքի քարիւղատարով աշխարհին հասցնելու այս քայլն է»:
Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանի եւս յայտարարեց. «Քիւրտիստանի ղեկավարութիւնը նուէր է Իրաքի ժողովուրդին համար: Քիւրտիստան պատմական քայլ մը առաւ տարածաշրջանին եւ աշխարհին համար»:
Նախնական հանգրուանին օրական 100 հազար տակառ քարիւղ պիտի արտածուի Քէրքուք-Ճէյհան քարիւղատարով:
Արտածումը աստիճանաբար օրական 250,000 տակառի պիտի բարձրանայ, նաեւ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի յառաջիկայ 2-3 տարիներուն ընթացքին արտածումները օրական մէկ միլիոն տակառի հասնին: