ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Հսկայական պարտքեր դիմագրաւող եւ ինքնաշարժներու արտադրութեան մարզի ամերիկեան մեծագոյն ընկերութիւնը՝ «Ճի.Էմ.»ը, Երկուշաբթի, Յունիս 1ին հետեւեցաւ «Քրայզլըր»ի օրինակին՝ սնանկացման դիմելով օրէնսգիրքի 11րդ յօդուածի պայմաններով:
Ըստ Սպիտակ տան ու ընկերութեան պարտատէրերուն եւ աշխատաւորական միութեանց հետ գոյացուած համաձայնութեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ընկերութեան բաժնետոմսերու մօտաւորապէս 60 տոկոսին սեփականատէրը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ վերադասաւորել ու ոտքի կանգնեցնել զայն, որմէ ետք կառավարութիւնը աստիճանաբար պիտի ձերբազատի անկէ:
Ըստ Երկուշաբթի օր հրատարակուած տուեալներուն, ընկերութիւնը 172.81 միլիառ տոլարի պարտքեր ունի, մինչ անոր կալուածներուն ընդհանուր արժէքը 82.29 միլիառ տոլար է:
Ցարդ ընկերութեան 20 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած ամերիկեան կառավարութիւնը 30 միլիառ տոլար եւս պիտի տրամադրէ, Քանատայի իշխանութեանց տրամադրած 9.5 միլիառ տոլարին կողքին:
Քանատայի կառավարութիւնը սեփականատէրը պիտի ըլլայ ընկերութեան բաժնետոմսերու 12.5 տոկոսին, իսկ Ինքնաշարժներու աշխատաւորներու միութիւնը՝ 17.5 տոկոսին: Մնացեալ 10 տոկոսը վերապահուած է պարտատէրերուն:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ քաղաքացիներու ծախսած գումարները Ապրիլ ամսուան ընթացքին 0.1 տոկոսով անկում արձանագրած են՝ Մարտ ամսուան ընթացքին արձանագրուած 0.3 տոկոսին փոխարէն, ինչ որ տնտեսագէտներու նախատեսածէն աւելի դրական տուեալ մըն էր: Նաեւ, եկամուտները 11 ամիսներու ընթացքին մեծագոյն ոստումը արձանագրած են Ապրիլին, 0.5 առ հարիւրով, մինչ տնտեսագէտներ 0.2 տոկոսի անկում նախատեսած էին: