ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններու նախօրեակին, իբր թիրախ ցոյց կու տայ այն եւրոպացի երեսփոխանները, որոնք կողմնակից են Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին:
Այս կապակցութեամբ հրապարակուած տեղեկագիրի մը մէջ ծանր ոճով կը քննադատուին Թուրքիոյ կողմնակիցները, իսկ փոխարէնը՝ գովասանքներ կը տեղան այն երեսփոխաններուն վրայ, որոնք կը զօրակցին հայութեան:
Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները պիտի կատարուին Յունիս 4-7ի միջեւ։ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած 19 էջնոց տեղեկագիրը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն զօրակցութեան տեսանկիւնէն եւս քննած է իւրաքանչիւր երեսփոխանին դիրքը։
Տեղեկագրին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ատրպէյճանի ուղղուած քննադատութիւններ ու դատապարտուած են Ատրպէյճանի հակակշռին տակ գտնուող հողամասերուն վրայ հայկական յուշարձաններու քանդումները։