ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլ ֆրանսական եւ գերմանական թերթերու մէջ լոյս տեսած միացեալ յայտարարութեամբ մը Կիրակի, Մայիս 31ին դարձեալ դէմ արտայայտուած են Թուրքիա Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, միաժամանակ կոչ ընելով Պրիւքսէլի իշխանութեանց, որ յստակեցնէ Եւրոպական միութեան սահմանները:
«Եւրոմիութիւնը ունի իր սահմանները յստակեցնելու կարիքը: Եւրոմիութեան անսահման ընդարձակումը անկարելի է: Հակառակ պարագային, եւրոպացիները կրնան փոքրամասնութիւն դառնալ Եւրոպական միութեան կազմին մէջ», ըսած են անոնք:
Ֆրանսական «Journal de Dimanche» եւ գերմանական «Die Welt» թերթերուն մէջ միաժամանակ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ այդ երկիրները կառավարող Ժողովրդային շարժում միութիւն (UMP) ու Քրիստոնէական ժողովրդական միութիւն (CDU) կուսակցութիւնները դէմ են Եւրոմիութեան սահմաններն անվերջ ընդարձակելու գաղափարին:
Գերմանիոյ իշխող կուսակցութեան անդամ եւ ներքին գործոց նախարար Ուոլֆկանկ Շոյպէլ աւելցուցած է, թէ Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութիւնը վտանգի տակ կը դնէ ու գրեթէ անկարելի կրնայ դարձնել Եւրոպական միութեան քաղաքական միասնութիւնը, նշելով, որ Եւրոմիութեան սահմանները պէտք չէ անցնին եւրոպական ցամաքամասի սահմաններէն անդին:
Իր կարգին, Թուրքիոյ պետական նախարար եւ Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ կոչ ըրաւ արագացնելու Եւրոմիութեան անդամակցելու համար հարկաւոր բարեփոխումները, միաժամանակ աւելցնելով, թէ այս հանգրուանին կարելի չէ խօսիլ Թուրքիոյ անդամակցելու յստակ թուականի մը մասին:
«Նախապէս Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու հաւանական թուական կը նկատուէր 2013ը, սակայն ներկայիս ոչ ոք կրնայ յստակ ժամկէտ սահմանել:
Բանակցութիւնները արդէն 45 տարի շարունակող երկրին համար ժամկէտի մասին խօսիլը սխալ տպաւորութիւն կրնայ յառաջացնել: Անոր փոխարէն, անհրաժեշտ է կեդրոնանալ բարեփոխումներուն վրայ: Եւրոմիութեան հետ բանակցութեանց 33 ծրարներէն միայն 10ն բացուած է Թուրքիոյ համար, իսկ մնացեալ 23ին համար երկար ժամանակ հարկաւոր է», յայտնեց թուրք նախարարը: