Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Քանի մը օրէ ի վեր Լիբանանի հայութիւնը կ՚ապրի պատմական պահեր՝ տարիներ առաջ Լիբանանէն դէպի օտար երկիրներ գաղթած իր հարազատներուն, հին թէ նոր ծանօթ-բարեկամներու Լիբանան վերադարձով։ Վերադարձ մը, որ կարելի եղաւ շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան աննախընթաց մէկ որոշումին՝ Աւստրալիայէն, Ամերիկայէն, Քանատայէն, Հայաստանէն, եւրոպական, թէ զանազան այլ մայրաքաղաքներէ Լիբանանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով նախկին լիբանանահպատակներու ուղղուած կոչին եւ անոնց տրամադրուած դիւրութիւններուն, առանց որոնց, վստահ ենք, որ շատ-շատերու համար անկարելի պիտի ըլլար այս օրերուն Լիբանան այցելելը։ Ահա՛ թէ ինչու վերադարձողները, գրեթէ միաբերան, Լիբանան գալու իրենց դրդապատճառը յանկարծական ուրախութեամբ մը կը բացայայտեն՝ «քուէարկելու եկած եմ» ըսելով։
Քաղաքական մերօրեայ ընտրութիւններուն հեռու-հեռաւոր ափերէն մեծաթիւ լիբանանահայեր Պէյրութ բերելը իրապէս որ աննախընթաց երեւոյթ է ոչ միայն համագաղութային, այլեւ համահայկական իմաստով, իրապէս եզակի նախաձեռնութիւն մը, որուն իրականացման համար դաշնակցական ամբողջ ցանց մը լծուած է գործի՝ ցամաքամասէ-ցամաքամաս եւ երկրէ-երկիր, կամաւորներու մեծաթիւ բանակով եւ գրասենեակներու պաշտօնէութեամբ, եւ ատո՛վ իսկ գնահատելի՝ իբրեւ պատմութիւն հիւսող ծրագիր, աշխատանք եւ ամէնէն կարեւորը՝ իբրեւ պատուաբեր արդիւնք եւ քաղաքական յաղթանակ՝ մանաւա՛նդ լիբանանեան ֆոնի վրայ։
«Քուէարկելու եկած եմ» ինքնավստահ արտայայտութեան ետին, մէկ կողմէ պէտք է տեսնել ՀՅ Դաշնակցութեան ուժը՝ իբրեւ համաշխարհային կուսակցութիւն, իբրեւ իր գաղութներուն ճակատագիրով մտահոգ ու այդ ճակատագիրը ի նպաստ հայութեա՛ն բանաձեւելու ձգտող համահայկական ներկայութիւն Երկիր մոլորակի վրայ, իսկ միւս կողմէ՝ իբրեւ Դաշնակցութեան ուժին հաւատացող, անոր մեծ կամ փոքր, առաջնային, թէ երկրորդական ծրագիրներուն յաջողութեան համար երբեմն տուն-տեղ, գործ ու դպրոց մէկդի ձգող եւ կամ նոյնիսկ մէկէ աւելի թռիչքներու տաղտուկը յանձն առնող յանձնառու հայերու մեծաթիւ փաղանգ մը, որ մօտալուտ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, Լիբանանի հայութեան հետ կողք-կողքի, քաղաքացիական անկապտելի իրաւունքով իր քուէն ազատօրէն նուիրաբերելով ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն եւ Հայկական պլոքի վերականգնման ի խնդիր։ Այսպէս նաեւ ապահովելով պատուաբեր եւ աննախընթաց արդիւնք՝ ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ Լիբանանէն դուրս գտնուող բոլոր հայերուն համար։
Արդարեւ՝ ուսանելի երեւոյթ մը, որուն ազդեցութիւնը մեծ պիտի ըլլայ ՀՅ Դաշնակցութեան հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան մէջ, որովհետեւ աննախընթաց իր այս քայլով Դաշնակցութիւնը մտածման նոր եղանակ ու խորք պարգեւեց նաե՛ւ Լիբանանէն դուրս բոլոր գաղութներուն անխտիր։