ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երէկ՝ Մայիս 27ին, կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան յայտնած է, թէ Սփիւռքի մէջ պէտք է ստեղծուին լիազօր մարմիններ, որոնք պիտի ներկայացնեն արեւմտահայութեան շահերը եւ որոնց նպատակը պիտի ըլլայ միջազգային գետնի վրայ իրաւունք ձեռք բերել Հայաստանի անունով խօսելու՝ նոյնիսկ թրքական իշխանութիւններուն հետ։
Պատմաբանին պնդումով, հայ-թրքակական յարաբերութիւններու հաստատման գործին մէջ վերջնական խօսքը պէտք է ըսէ Սփիւռքը, եւ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին միասնական մօտեցման սկզբունքին վրայ։
Պատմաբանը անդրադարձած է նաեւ Ապրիլ 22ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց դաշնային բաժանմունքին տարածած «Ճանապարհային քարտէս»ի մասին յայտարարութեան՝ նշելով, որ այնտեղ կայ Կարսի պայմանագրին վերաբերող կէտ, ըստ որուն Հայաստանի կողմէ պէտք է ճանչցուի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։
Ըստ պատմաբանին, սակայն, Կարսի պայմանագիրը անօրինական է, եւ՝ «Այսօր այդ պայմանագրին չի կարելի բացարձակապէս կենդանութիւն տալ», աւելցուցած է ան։