Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ ու հանդիսապետութեամբ, Հինգշաբթի, 21 Մայիսի առաւօտուն, Համբարձման տօնին առիթով Ս. պատարագ տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեանը, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Համբարձման տօնի խորհուրդին եւ քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին մէջ անոր պատգամի արժէքին։
Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, իր կնոջ՝ Վիքթորիայի հետ, նաեւ հոգեւորականաց դասու անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Պատարագէն ետք, Կլէնտէյլի First Congregational եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթը։
Առաջնորդին կողքին, ճաշկերոյթին ներկայ եղան Հրանդ քհնյ. Երէցեան, Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, ազգային բարերարներ եւ շուրջ 250 մասնակիցներ:
Հանդիսավարն էր Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներէն Հուրիկ Ապտուլեան։ Ան առաջին հերթին հրաւիրեց առաջնորդը, որ կատարէ սեղաններուն օրհնութիւնը։ Ապա առաջնորդը ողջունեց մասնակիցները, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի ժրաջան անդամներուն մասին ու բարձր գնահատեց Գոհար ու Բեկի Սիւլահեանները, որոնք սիրայօժար յանձն առած էին օրուան հիւրընկալումը։
Հրանդ քհնյ. Երէցեան Համբարձման տօնին յատուկ խօսքը ներկայացուց՝ վեր առնելով այն իրողութիւնը, թէ ասիկա եկեղեցական ու ազգային տօն է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը գեղեցիկ եւ զուարթ աւանդութիւններով կապուած է Համբարձման տօնին. ան խօսեցաւ տոհմիկ արարողութիւններուն, վիճակաձգութեան աւանդութեան եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անոնց դերին մասին:
Կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ երիտասարդ երգիչ Գագիկ Պատալեան։ Զուարթ մթնոլորտը աւելի եւս խանդավառուեցաւ աւանդական վիճակաձգութեամբ եւ «æան Կիւլիւմ»ի արարողութեամբ։ Տիկնանց օժանդակ մարմինը այս առիթով պատրաստած էր երգարան-տետրակ մը, որ կը բովանդակէր Համբարձման ու հայրենասիրական երգեր. ներկաները մթնոլորտը պայծառացուցին խանդավառ երգերով եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ։