ՊԱՔՈՒ, «Զաման».- Մէկ կողմէ Հայաստանի հետ մերձեցման բանակցութիւններու մասին խօսող Թուրքիա ամէն ճիգ կը թափէ, որպէսզի չնեղացնէ Ատրպէյճանը: Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ Պաքուի մէջ կատարուած յայտարարութիւններէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու 10 օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, Պաքու այցելելով երաշխիքներ տուաւ Ատրպէյճանի «բարեկամ ու եղբայր ժողովուրդին» եւ վստահեցուց, թէ՝ «Ատրպէյճան ու Թուրքիա ռազմավարական գործընկերներ են»։
Անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ Տաւութօղլու ըսաւ. «Մեզի համար հիմնական կարեւորութիւն ունի Ատրպէյճանի երջանկութիւնը, կայունութիւնը, ապագան, եւ հողային ամբողջականութիւնը»։
Տաւութօղլու նախ այցելեց նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի դամբարանը, ապա հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ։ Այս հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Տաւութօղլու ըսաւ, որ Ատրպէյճանի ուժեղ ըլլալը կը նշանակէ, թէ Թուրքիա եւս ուժեղ է: «Ատրպէյճանի մեր եղբայրները պէտք է գիտնան, որ Թուրքիա, ինչպէս որ եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ապագային ալ միշտ կանգնած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կողքին։ Մեր պատգամը այս հողատարածքի գլխաւոր դերակատարներուն, մասնաւորաբար Հայաստանին, յայտնի ու յստակ է. այս հողատարածքը այլեւս պէտք է մաքրուի բռնագրաւումներէ, լարուած վիճակներէ, ճնշումներէ»։
Անդրադառնալով Վրաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ կարճատեւ պատերազմին՝ Տաւութօղլու ըսաւ. «Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ սառեցուած հարցերը մեր ձեռքին մէջ պահուած եւ պայթելու պատրաստ ռումբերու կը նմանին»: