ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսանենգութեան դէմ պայքարի եւ կրկնակի մաքսային հսկողութեան վարչութեան աշխատակիցները վերջերս «Զուարթնոց» օդակայանի բեռնային համալիրին մէջ կանխած են 100 դրամատնային քարտերու ապօրինի ներմուծումը հանրապետութիւն: Քարտերը յայտնաբերուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Երեւանի բնակչուհի՝ 20ամեայ Լուսինէ Շահազիզեանին ուղարկուած ամսագիրներով լեցուն փաթեթի մը մաքսային զննման ժամանակ: Ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, մաքսանենգ դրամատնային քարտերը գրաւուած են՝ Լ. Շահազիզեանի կողմէ ծանրոցը ստանալէ անմիջապէս ետք:
Պարզուած է, որ «American Express», «Capital One», «CITIBANK», «CHASE» եւ ամերիկեան հեղինակաւոր այլ դրամատուներու պատկանող քարտերը կեղծ են: Անոնց մէջ եղած են «Visa», «Master», «Gold» եւ «Platinum» տեսակի քարտեր:
Գործին վերաբերեալ նիւթերը ուղարկուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: Յարուցուած է քրէական գործ՝ Քրէական օրէնսգիրքի այն յօդուածով, ըստ որուն կեղծ վճարային փաստաթուղթեր պատրաստելը կամ իւրացնելը կը պատժուի ազատազրկմամբ: