ԼՈՆՏՈՆ, «Արմէնփրէս».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մարտական թեւի ղեկավար Մուրատ Քարայիլան անգամ մը եւս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առաջարկած է զինադադար հաստատել, որպէսզի կարելի ըլլայ քրտական տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելը: Բրիտանական «Թայմզ» թերթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան շեշտած է, թէ քրտական կազմակերպութիւնը պատրաստ է հրաժարելու Թուրքիայէն անջատուելու նպատակէն, եթէ Անգարայի իշխանութիւնները վերջ տան զինուորական գործողութիւններուն եւ եթէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան քաղաքական ճանաչում շնորհեն: «Մենք անկիւնադարձային ժամանակի մը մէջ կը գտնուինք: Քիւրտերը չեն փափաքիր պատերազմը շարունակել: Մենք կը հաւատանք, որ կարելի է քրտական հարցը լուծել առանց արիւն թափելու: Մենք պատրաստ ենք տագնապը խաղաղ եւ ժողովրդավարական միջոցներով լուծելու:
Նշենք, որ հարցազրոյցը տեղի ունեցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ: