ՓԱՐԻԶ.- ՀՅԴ մամլոյ դիւանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Բիւրոյին վերջերս Փարիզի մէջ գումարած հերթական լիագումար նիստին մասին, ուր օրակարգի հարց դարձած է Դաշնակցութեան Հայաստանի կառավարութեան կազմէն դուրս գալու որոշումի գնահատումը եւ «Հայաստանի նոր քաղաքական իրավիճակում այլեւս ընդդիմադիր կարգավիճակով հանդէս եկող ՀՅ Դաշնակցութեան անելիքների հարց»ը՝ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ։
Մամլոյ դիւանի հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ. «Քննարկելով վերջին զարգացումները՝ ՀՅԴ Բիւրոն հաստատեց, որ ստեղծուած կացութեան մէջ կոալիցիայից դուրս գալը միակ ճիշդ քայլն էր։ Ընդդիմութիւն դառնալը հնարաւորութիւն է սթափեցնելու իշխանութիւններին եւ կանխելու վտանգաւոր զարգացումները հայ-թուրքական յարաբերութիւններում։ Դաշնակցութիւնը ծայրայեղութիւններից զերծ է մնալու՝ իր կեցուածքների փոփոխութիւնը պայմանաւորելով իշխանութեան քայլերով»։
Հայաստանի մէջ հետագայ գործունէութեան ծրագիրը քննելով՝ ՀՅԴ Բիւրոն որոշած է, թէ այսուհետեւ՝ «Հայրենիքում մեր առաջնահերթ խնդիրներն են՝ կուսակցութեան կազմակերպական հզօրացումը, լայն շերտերի մօտ ազգային-պետական մտածողութեան դաստիարակութիւնն ու արմատաւորումը, ժողովրդավարական եւ սոցիալական արդարութեան մեր ծրագրային մօտեցումները կեանքի կոչելը, գիտակից, պատասխանատու, հայկական շահերով առաջնորդուող քաղաքական, տնտեսական, հոգեւոր-մշակութային ազդեցիկ խաւի ձեւաւորմանն աջակցելը։ Այս առումով յատուկ կարեւորուեց երիտասարդութեան շրջանում կատարուելիք աշխատանքը»։
Արցախի հարցով, ՀՅԴ Բիւրոն որոշած է, որ այդ հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ, «զգօնութեան պահպանումը, թուրքական միջամտութեան բացառումը, միջազգային ասպարէզում հայկական տեսակէտների ներկայացումն ու պաշտպանութիւնը Դաշնակցութեան ամէնօրեայ գործը պէտք է դառնայ»։
ՀՅԴ Բիւրոն նաեւ որոշած է՝ «Հայ Դատի գրասենեակների համաշխարհային ցանցի միջոցով նոր թափ հաղորդել Ցեղասպանութեան ճանաչման, Թուրքիայի դատապարտման եւ հատուցման աշխատանքներին»։
Արտաքին ճակատի վրայ, ՀՅԴ Բիւրոն որոշած է շարունակել գերակայ խնդիր նկատել «Հայաստանի պետական շահերի պաշտպանութիւնը, տնտեսական կարողականութեան բարձրացումը»:
ՀՅԴ Բիւրոն իր քննարկումներուն ընթացքին ընդգծած է, թէ «Կոալիցիայից Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դուրս գալը որեւէ կերպ պէտք չէ բացասաբար անդրադառնայ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնների վրայ։ Ընդհակառակը, մենք պէտք է գիտակցենք, որ միայն համազգային համախմբմամբ, նիւթական, մտաւոր եւ հոգեւոր ուժերի մէկտեղմամբ կարող ենք ու պարտաւոր ենք յաղթահարել մեր երկրի եւ ժողովրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»։