ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանէն երկու աշակերտներ վերջերս գիտական երկու մրցումներու ընթացքին մրցանակներ շահած են:
Արադարեւ, Ը. դասարանէն Արմէն Արսլանեան Լոս Անճելըս գաւառի Գիտական մրցանքին կապակցութեամբ ստացած է արծաթ մետալ մը (2րդ դիրք) եւ նիւթական մրցանակ: Ան նաեւ պիտի մասնակցի նահանգային մրցանքին:
Նաեւ, Է. դասարանէն Արթին Գալստեան երկրորդ դիրքը գրաւած է ու նիւթական մրցանակ մը ստացած է Ամերիկայի հայ ճարատարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան կազմակերպած Հայկական գիտական մրցանքին ընթացքին: