Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան հիւրաբար կ՛այցելէ Արեւմտեան թեմը: Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, բարձրաստիճան հիւրը Կիրակի, Յունիս 7ին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:30ին, իսկ պատարագը՝ 10:30ին:
Կիրակի, Յունիս 14ին, ան նաեւ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Կլէնտէյլի Ս. Պետրոս հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին, իսկ պատարագը՝ 10:30ին: