ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան կարծիք յայտնեց, թէ ԱՄՆի հայերը չեն մասնակցիր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող կամ Հայաստանի հետ կապուած միջոցառումներուն:
Աբրահամեանի խօսքով, ամերիկահայերը իրարու չեն օգներ եւ շատ յաճախ կը քննադատեն Հայաստանն ու հայրենի իշխանութիւնները: Նշեալ միութեան նախագահի համոզումով, Միացեալ Նահանգներուն տարածքին բաւարար դաշտ կայ միութիւն կամ միաւորում ստեղծելու համար, սակայն այնտեղի հայ համայնքը միահամուռ չէ: Բացի ատկէ, Ամերիկեան սփիւռքի հայերը չեն աշխատիր Ամերիկայի ղեկավարութեան հետ եւ հայերուն առնչուող հարցերը առաւել յաճախ կը բարձրացնեն օրէնսդիր մարմիններու՝ Քոնկրէսի ներկայացուցիչները:
Ա. Աբրահամեան հաղորդեց, որ այս տարի Ռուսիոյ Հայերու միութիւնը պիտի տօնէ իր տասնամեակը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները: Արդէն մշակուած են 2010ի ծրագիրները, որոնց շարքին քանի մը հատը նախատեսուած է Հայաստանի համար: