ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայու մտապատկերին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր նոյնացած են Մայիս եւ յաղթանակ հասկացութիւնները: Մայիսին պատահած են մեր ազգի մեծագոյն յաղթանակները՝ Աւարայրէն սկսելով մինչեւ Շուշի: Սակայն յաղթանակներու մեծագոյնը, թերեւս, Սարդարապատի հերոսամարտն էր. յաղթանակ մը, որուն շնորհիւ հայութիւնը փրկուեցաւ բնաջնջումէ եւ դրուեցան Հայոց անկախ Առաջին հանրապետութեան հիմքերը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այդ յաղթանակը կը ծրագրէ նշել ազգովին, եւ այս առնչութեամբ, հրապարակած է հանրային հրաւէր՝ Մայիս 28ին համախմբուելու Սարդարապատի յուշահամալիրին մօտ, մասնակցելու համար ձեռնարկներուն եւ տօնակատարութեան, որոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9ին եւ պիտի շարունակուին ամբողջ օրը:
Հրաւէրին մէջ կոչ ուղղուած է համայն հայութեան մասնակցելու Սարդարապատի տօներուն եւ զօրավիգ կանգնելու այդ յաղթանակը կերտած հիմնական քաղաքական ուժին, ազգային կուսակցութեան՝ Դաշնակցութեան, յատկապէս այս օրերուն, երբ ազգային պատասխանատուութիւն կայ՝ թրքական նորօրեայ որոգայթները դիմագրաւելու եւ զանոնք յաղթահարելու, ըսուած էր հրաւէրին մէջ: