ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 22ին ընդունած է ֆրանսահայ բարերար Կարպիս Նիկողոսեանը, որուն հետ քննարկած է Արցախի մէջ իրագործուող ծրագիրներուն եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման առնչուող շարք մը հարցեր, յատկապէս՝ կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի ծիրէն ներս:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւորած է Սփիւռքի դերը Արցախեան բարգաւաճման տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: