ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւան ժամանած փարիզահայ գրող Մովսէս Պչաքճեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան եւ անոր նախագահ Լեւոն Անանեանի կողմէ: «Հայրենիք ուղղակի այսպէս ելլել ու վազել՝ չըլլար. պէտք է գործ ունենաս. կ՛աշխատիմ ներկայ այցելութիւնս նոյնպէս կապելու գրականութեան հետ», ըսաւ սփիւռքահայ գրողը: Պչաքճեան կը պատրաստուի ամերիկեան քառասնօրեայ շրջագայութեան, որուն ընթացքին պիտի այցելէ Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, ապա Մոնթրէալ, Թորոնթօ եւ այլ քաղաքներ: «Կը կարծեմ, որ ուղեւորութիւնս եւ գաղթավայրերու մեր հայրենակիցներուն հետ հանդիպումներս հետագային նոյնպէս գրական նիւթ պիտի դառնան», յայտնեց Մ. Պչաքճեան:
Շուտով Պէյրութի մէջ պիտի տպագրուի անոր 11րդ գիրքը՝ «Իմ մահը» խորագիրով: «Անոր մէջ իմ 1981 թուականի վեցամսեայ ուղեգրերն են, ըստ որոնց, այդ 1981 թուականին ես ուղղակի պիտի մեռնէի, սակայն, ինչպէս կը տեսնէք, արդէն երեսուն տարի անցած է, եւ ես կ՛ապրիմ, ողջ եմ», ժպտելով կը պատմէ գրողը:
Անանեան լրագրողներուն յայտնեց, որ Մ. Պչաքճեան հայրենիքին մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն է եւ հեղինակութիւն կը վայելէ գրական շրջանակին մէջ. անոր ցայտուն վկաներն են իր «Անկարելի կարելին» դատերգութեան բեմադրութիւնն ու երկարատեւ ներկայացումը, ինչպէս նաեւ անոր գործերէն՝ «Անցողիկը եւ անժամանցելին» վէպի հրատարակումը Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ շնորհահանդէսը՝ ՀՀ գրողներու միութեան կազմակերպութեամբ:
Վէպերէ բացի, Մ. Պչաքճեան հեղինակ է պատմուածքներու, ակնարկներու եւ յօդուածներու, որոնց մէջ զգալի տեղ կը գրաւեն սփիւռք-հայրենիք կապերը եւ Հայաստանին նուիրուած հրապարակումները:
Մ. Պչաքճեան ծնած է Հալէպ, զբաղած է մանկավարժութեամբ, որոշ ժամանակ Պէյրութի մէջ աշխատելէ ետք 1976ին տեղափոխուած է Փարիզ, ուր կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ ներկայիս: «Բագին» գրական ամսաթերթին մէջ 1981ին լոյս տեսած իր «Լեմպրիւ» ստեղծագործութիւնը ճանչցուած է իբրեւ տարուան սփիւռքահայ լաւագոյն պատմուածքը եւ արժանացած է «Ազդակ»ի մրցանակին, իսկ 1990ին հրատարակուած «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» գիրքը արժանացած է «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին: