ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մայիս 26ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը Գերագոյն ատեանի անդամակցութեան թեկնածու նշանակեց դատաւոր Սոնիա Սոթոմայորը, որ կրնայ ատեանին առաջին սպանախօս անդամը ըլլալ:
Ան ներկայիս դաշնակցային վճռաբեկ ատեանի մը դատաւորն է: Ան թեկնածու է Տէյվիտ Սութըրի հրաժարումով թափուր մնացող աթոռին:
Եթէ Սոթոմայորի նշանակումը Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուի, ապա ան պիտի ըլլայ Գերագոյն ատեանի պատմութեան մէջ երրորդ կին դատաւորը, եւ երկրորդը՝ ներկայ ատեանին մէջ: