ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մայիս 25ին փակումը կատարուեցաւ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որուն աւարտին դարձեալ յայտարարուեցաւ, թէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւն հաստատելու իսլամական երկիրներու որոշումը կախեալ է արաբական պետութեանց հետ «արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան», որուն պայմաններէն մէկն է գրաւեալ բոլոր հողերուն վերադարձը:
Ժողովին բացումը կատարուած էր Շաբաթ օր, մասնակցութեամբ 57 պետութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին՝ 40 նախարարներ։ Հանդիպումին հրաւիրուած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, իսկ յատկանշական բացականերէն էր Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Ապուլ Ղէյթ։
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ժողովին բացումը կատարելով՝ յայտնեց. «Խաղաղութեան գործընթացի ձախողութիւնը ակնյայտ փաստ մըն է, թէ Իսրայէլ խաղաղութեան մեծագոյն արգելքն է»։
Ան աւելցուց. «Թուրքիոյ կողմէ միջնորդուած խաղաղութեան անուղղակի բանակցութեանց ընթացքին Իսրայէլի հետ մեր փորձառութիւնը ասոր յաւելեալ փաստ մըն է»։
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը, իր կարգին ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ։ Ան զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահին արտասանած ճառին՝ յայտնելով, որ ան ամբողջական էր, եւ կեդրոնացաւ արդիւնքներուն եւ ոչ թէ միայն որոշումներ տալուն վրայ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղեց «նոր տեսլական մը» որդեգրելու՝ յարմարելու համար «ներկայ ժամանակներու ակնկալիքներուն»։ Ան յայտնեց. «Իրողութիւնն այն է, թէ իսլամական աշխարհին մէջ ռազմավարական, աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական նոր մշակոյթ մը կը ձեւաւորուի»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Դամասկոսի մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին եւ Իրաքի, Իրանի ու Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։