ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը իր Շաբաթ օրուան թիւով կը յայտնէ, թէ տասը տարի առաջուան վերաբերող զեղծարարութեան մը հարցով Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը դատի կանչելու Անգարայի մէկ դատարանին վճիռին ճամբան հարթողները՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Քէօքսել Թոփթանը, վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանն ու արդարադատութեան նախկին նախարար Մեհմէտ Ալի Շահինն են։
Ըստ օրաթերթին, Կիւլի նախագահ ընտրուելէն ետք, Թոփթան վարչապետարանին թղթածրար մը ներկայացուցած է՝ թելադրելով, որ նախագահը այս հարցով դատավարութեան ենթարկուի։
Վարչապետին հաւանութիւնը ստանալէ ետք, թղթածրարը փոխանցուած է արդարադատութեան նախարարին, ապա Անգարայի Սինճան շրջանի քրէական բարձրագոյն դատարանին։
Այս բոլորէն ետք, դատարանը հրամայած է զեղծարարութեան ամբաստանութեամբ դատի ենթարկել Կիւլը, ինչ որ, ըստ օրաթերթին, կառավարութեան եւ աշխարհիկ ընդդիմութեան միջեւ քաղաքական լարուածութիւնը բարձրացուցած է։