ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, «Ասպարէզ».- Եթէ կը սիրէք Ասթոր Փիազոլլա, եթէ կը հաւնիք անոր նորարար դասական երաժշտութիւնը, եթէ թանկօ երաժշտութիւն կը սիրէք, եթէ ճազային թանկօն կ՛ուզէք գիտնալ թէ ինչպէս կը հնչէ, պիտի գնահատէք Սերժ Թումասեանի յանդգնութիւնը՝ Պուէնոս Այրէսէն ու Երեւանէն, թանկոյի մէջ իրենք զիրենք գերազանցած երաժիշտներու մասնակցութեամբ երեկոյ մը կազմակերպելու:
Ինք՝ Սերժը, միջազգային չափանիշներով թանկոյի մայէսթրօ է: Ծնած է Հայաստան, ուսած է Մոսկուա, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ «Նորթրիճ» եւ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանները: Ան պարած է Հուլիօ Իկլէսիասի խումբէն, անոր շրջապտոյտներու ընթացքին: Սերժ նաեւ մարզած է «Տանսինկ ուիտ տը սթարզ»ի մրցոյթին մասնակցող թանկօ պարողներ «Մարք էնտ Շան» զոյգը, որ արձանագրած է մեծ յաջողութիւն այդ մրցոյթին մէջ:
Սերժ նկարուած է նաեւ ամերիկեան ֆիլմերու մէջ. երկու տարիէ ի վեր, ան ձեռնարկած է «Թանկօ նուէվօ քապարէ»ի պատրաստութեան՝ իր ոճը հիմնելով Ասթոր Փիազոլլայի ստեղծագործական մօտեցումներուն վրայ: Այդ երեկոյին ընթացքին պիտի կատարուին Փիազոլլայի կեանքի իւրաքանչիւր տասնամեակէն ընտրուած աշխատանքներ:
Երաժշտութեան յարդարումը կատարած է Փիազոլլայի ընկերը՝ Ուոլթըր Ռիոզը: Այս մարդն է, որ այսօր ամէնէն մեծ ներդրումը ունի Փիազոլլայի երաժշտութիւնը կենդանի ու կենսունակ պահելու, անոր շուրջ հետաքրքրութիւնը վառ պահելու:
Ծրագրին պիտի մասնակցին Պուէնոս Այրէսէն եւ Լաս Վեկասէն յայտնի պարողներ:
Իր այս ծրագիրին համար, Սերժ Հայաստանէն հրաւիրած է յայտնի երաժիշտ Արմէն Բաբախանեանը եւ անոր «Քատանս» խումբը, որ յայտնի է իր թանկօ երաժշտութեան կատարումներով: «Քատանս»ը նաեւ պիտի կատարէ հայկական դասական գործեր՝ Կոմիտասէն, Խաչատուրեանէն եւ այլոց հեղինակած աշխատանքներէն:
Թանկօն ողբ է, սիրոյ տխուր պատմութեան, չփոխադարձուած սիրոյ զգացումներէ բխած շարժում, պար, երաժշտութիւն:
Իրապէս իւրայատուկ փորձառութիւն մը կը սպասէ ձեզ, Փասատինայի «Սիվիք Օտիթորիոմ»ի մէջ՝ Մայիս 29ին ու 30ին. կը քաջալերենք ներկայ գտնուելու:
Յունիս 4ին, «Քատանս»ը, գլխաւորաբար հայկական դասական գործերով հանդէս պիտի գայ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի «Ռոյս Հոլ»ին մէջ:
Այս ձեռնարկին պիտի հնչէ Սայեաթ Նովայի «Քանի Վուր Ճանիմ»ը նոր մշակումով: