ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ. «ՍՐՏԲԱՑ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳՐԱՒԱԿԱՆ՝ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՒԹԵԱՆ»
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 37րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 եւ Շաբաթ, 16 Մայիս 2009ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան անդամներ, ազգային երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետներ, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամներ եւ վարժարաններու ու մանկամսուրներու տնօրէններ ու վարիչներ։ Ժողովին հիւրընկալն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։
ԲԱՑՈՒՄ
Հաւաքական աղօթքով նիստի բացումէն ետք, առաջնորդը նախ ողջոյնի խօսք ուղղեց ժողովին մասնակիցներուն ու հիւրերուն, ապա հրաւիրեց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը, որպէսզի ընթերցէ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ժողովիս ուղղուած օրհնութեան խօսքը։ Վեհափառ հայրապետը կ՛ողջունէր ժողովին մասնակիցները, կը նշէր, որ գոհունակութեամբ կը հետեւի թեմի աշխատանքային կեանքին եւ կը շեշտէր, որ այդ աշխատանքները կը բազմապատկուին ու նոր ծաւալ կը ստանան, ինչ որ կը հարկադրէ ճիգերու լարում եւ հաւատքի զօրացում, անսակարկ ու ամբողջական նուիրում։ Ան համոզում կը յայտնէր, որ այս աշխատանքները նոյն նուիրումով պիտի շարունակուին, մասնագիտական կարողականութեամբ օժտուած անձերու ներգրաւումով։ Ան նաեւ յոյս կը յայտնէր, որ Երիտասարդութեան տարուան առիթով, երիտասարդներ ներգրաւուին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, վայելելով գործող երէց սերունդներուն քաջալերանքը։ Վերջապէս, վեհափառը գնահատանք կը յայտնէր առաջնորդին ու ժողովականութեան՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեանց համար։
Այնուհետեւ, ժողովը անցաւ իր օրակարգի լուծման։ Առժամեայ դիւանի ատենապետ ու ատենադպիր ընտրուեցան յաջորդաբար՝ Հայկազ Թրթռեան եւ Ճէք Հաճինեան։ Ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան. ան ողջունեց ներկաները, ու յատկապէս Ազգ. Կեդր. վարչութեան նորընտիր անդամ Վահէ Եագուպեանը, վեր առաւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովին դերը՝ վեհափառին կողմէ հռչակուած Երիտասարդական տարին կենսաւորելու, ինչպէս նաեւ մեր նորահաս սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան կոչուած՝ մեր դպրոցներուն հոգատարութեան մէջ։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ազգ. վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեան ու հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան։ Ապա, իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը։
Ողջունելով ներկայ ժողովականներն ու հրաւիրեալները՝ ան առաջին հերթին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, որ իր պատգամներով ու թելադրանքներով ուղեցոյց կը հանդիսանայ թեմի աշխատանքներուն։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ տարի, վեհափառին պատգամին ընդառաջելով՝ յատուկ ճիգ դրուեցաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կալուածին մէջ, իսկ այս տարի, հրաւիրուած ենք յատուկ հոգածութիւն տրամադրելու նորահաս սերունդներուն՝ երիտասարդութեան։ Առաջնորդը նշեց, որ այս իմաստով արդէն ուշագրաւ քայլեր առնուած են, ունինք երիտասարդ հոգաբարձուներ ու գործողներ, կազմուած է երիտասարդական երգչախումբ, որ մօտ ատենէն պիտի ունենայ իր առաջին ելոյթը, ու տակաւին, յառաջիկայ փուլին, յաւելեալ աշխատանք ու հոգածութիւն պիտի տրամադրուին երիտասարդութեան, յատկապէս նորակազմ ընտանիքներուն ու աշակերտութեան։
Առաջնորդը, արձանագրուած իրագործումներէն յիշատակեց թեմիս 35ամեակի տօնակատարութիւնը, որ առիթ եղաւ լուսարձակի տակ բերելու կաթողիկոսութեան ու թեմի առաքելութիւնը։ Ան ողջունեց նաեւ Նորթ Հոլիվուտի ծխական նորակազմ համայնքի ներկայացուցիչը՝ մաղթելով, որ բոլոր նորակազմ շրջանները իրականացնեն սեփական եկեղեցի ունենալու երազը։ Վերջապէս, ան անդրադարձաւ Ազգ. առաջնորդարանի հոգեմտաւոր ու մշակութային կեդրոնի մը հանգամանքին, նշելով, որ այս յարկին տակ տեղի կ՛ունենան երիտասարդական եւ այլ համագումարներ, մշակութային ձեռնարկներ։
Իր խօսքը եզրափակելով՝ առաջնորդը ժողովականները հրաւիրեց աննահանջ նուիրումով ու վերանորոգ կամքով շարունակելու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր աշխատանքը, ապաւինելով Աստուծոյ, «Որ դատարկաձեռն չի թողուր իրեն վստահողը»։
Մնայուն դիւանի անդամ ընտրուեցան Նազարէթ Ծատուրեան եւ Համօ Գասպարեան (Ա. եւ Բ. ատենապետ), Հրայր Ճերմակեան եւ Լեւոն Արապեան (Ա. եւ Բ. ատենադպիր)։ Իսկ բանաձեւի յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան Հայկազ Թրթռեան, Ժոռա Մանուչարեան եւ տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեան։
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ
Ազգ. երեսփոխանական ժողովի օրակարգի ուշագրաւ կէտերէն մէկն է ծխական շրջաններու մասին զեկուցումները. այս ծիրին մէջ, հոգաբարձութեանց ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ հակիրճ ծանօթութիւններ տուին իւրաքանչիւր շրջանի կարեւոր իրագործումներուն, շինարարական աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ապա նաեւ փորձառութիւններ ու տեսակէտներ փոխանակեցին ընդհանուրը շահագրգռող կալուածներուն մասին։
Այս տարի, օրակարգի վրայ էր տեղեկատուական զեկուցում մը՝ Ազգային սահմանադրութեան կառոցին ու ոգիին մասին։ Զեկուցաբերն էր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ երեսփոխաններէն՝ Հայկազ Թրթռեանը։
Յաջորդական նիստերուն, ժողովը լսեց Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան եւ Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի հակիրճ զեկուցումները, այն աշխատանքներուն մասին, որոնք իրականացած էին երեսփոխաններուն շաբաթներ առաջ տրամադրուած գրաւոր տեղեկագիրներէն ետք։ Ժողովը մանրամասնօրէն ու հանգամանօրէն քննարկեց տարուած աշխատանքին նիւթական ու բարոյական երեսները, պահանջեց ու ստացաւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ, ու այս բոլորին իբրեւ արդիւնք, «յոյժ գովելի» գտաւ առաջնորդին, զոյգ ժողովներուն ու անոնց հովանիին տակ գործող մարմիններուն ու յանձնախումբերուն աշխատանքին արդիւնքը։
Այնուհետեւ, ժողովը արձանագրեց Հոգեւորականաց համագումարին, ապա նաեւ ծխական շրջաններու եւ ներկայ երեսփոխաններուն տուած այն առաջարկներն ու տեսակէտները, որոնց հիմամբ կ՛ուրուագծուին աշխատանքի յառաջիկայ դաշտերուն ուրուագիծերը եւ անոնց գործադրութիւնը կը վստահուի գործադիր իշխանութիւններուն՝ Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան։
Ծրագրումին մէջ, ինչպէս սպասելի էր, կարեւոր տեղ ունեցան մեր վարժարանները, երիտասարդութիւնը եւ հայ ընտանիքները, մասնաւորաբար նորակազմ հայ օճախները։
Կարեւորութեամբ վեր առնուեցաւ երիտասարդ սերունդը ազգային կեանքին մասնակից դարձնելու եւ զայն պատասխանատուութեան կոչելու հրամայականը։ Ժողովը նաեւ նկատի առաւ շարք մը միջոցառումներ, որոնք անհրաժեշտ են ծխականներու հետ եկեղեցւոյ գործակցութեան բարելաւման ու մեր հաւաքական կեանքին նոր որակ ներարկելու, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու համար։ Այս ծիրին մէջ, գործադիր իշխանութիւններուն վստահուեցաւ նաեւ առաւելագոյն թիւով հայ աշակերտներու հայեցի կրթութիւն տրամադրելու նիւթական ու բարոյական միջոցներու որոնումը։
ՄԵՐ ՊԱՀԱՆæԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ազգային երեսփոխանական ժողովը կանգ առաւ նաեւ հայութեան պահանջատիրութեան առջեւ եւ արձանագրեց, որ անհրաժեշտ է շրջահայեաց ըլլալ մեր անժամանցելի իրաւունքներուն հետապնդման գծով, յետ չմնալ յանձնառու կեցուածքէ եւ ձայնակցիլ պետական պատասխանատուներու ուղղուած արդար ու անսակարկելի պահանջներուն։
ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ
Ժողովը իր աւարտին հասաւ Շաբաթ, 16 Մայիսի յետմիջօրէին։ Առաջնորդը, նստաշրջանի փակման իր խօսքին մէջ, գնահատանք արձանագրեց ժողովականներու աչալուրջ աշխատանքներուն համար։ Ան անգամ մը եւս շեշտեց սրտբաց գործակցութեան հրամայականը, բաւարարութիւն յայտնեց, որ այս ժողովը ընթացած է սրտցաւ արտայայտութիւններով, եւ ընդգծեց, որ՝ «Գրաւոր որոշումներ ու քուէարկութիւններ այնքան արդիւնաբեր չեն ըլլար, որքան սրտի քուէները, որոնք կը հարստացնեն մեր գործի անդաստանները»։ Ան մաղթեց, որ Կրօնական ժողովն ու Ազգ. վարչութիւնը նոյն թափով ու յանձնառութեամբ շարունակեն յառաջիկայ տարուան աշխատանքները։
Որոշուեցաւ, որ Ազգ. երեսփոխանական ժողովը յառաջիկայ տարի տեղի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ յարկին տակ։
Ժողովը փակուեցաւ առաջնորդին «Պահպանի»չով ու «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Ազգային երեսփոխանական ժողովը այս տարի եւս հաւատարիմ մնաց վերջին տարիներու իր աւանդութեան, ըստ որուն, այս ժողովի ընթացքին, յատուկ պատիւի կ՛արժանանայ թեմին ու հասարակական կեանքին մէջ անսակարկ ու նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող ազգային մը։ Այս տարի, առաջնորդն ու Ազգ. վարչութիւնը գնահատանքի արժանի գտած էին մեր եկեղեցւոյ անսակարկ նուիրեալներէն Զօհրապ սրկ. Եարալեանը։ Պարգեւատրումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Բ. նիստի սկզբնաւորութեան՝ Ուրբաթ երեկոյ։ Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Զօհրապ սարկաւագի ծառայական կեանքին՝ նշելով, որ ան եղած է Անթիլիասի ժառանգաւորացի սաներէն ու տասնամեակներ շարունակ մեր եկեղեցիներուն մէջ սպասարկած է իբրեւ սարկաւագ, հոգաբարձու, եղած է «Ֆերահեան» վարժարանի ուսուցիչ, ապա նաեւ՝ թեմիս մէջ կազմուած Դպրեվանքի սանուց միութեան բազմամեայ ատենապետը. ստուար է լուսարձակներէ հեռու անոր տարած աշխատանքին վաստակը։
Ապա, առաջնորդը, Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան ատենապետներուն հետ միասին, յուշանուէր մը յանձնեց Զօհրապ սարկաւագին, որ իր կարգին արտայայտեց շնորհակալութեան իր զգացումները, ողջունեց բոլոր կամաւոր ծառայողները, անդրադարձաւ մեր եկեղեցւոյ հետ իր տասնամեակներու կապին եւ վերահաստատեց իր նուիրաբերումը նոյն կամքով շարունակելու պատրաստակամութիւնը։ Ներկայ էր Զօհրապ սարկաւագի ազնիւ կինը՝ Քարմէնը, որ նմանապէս նուիրեալ աշխատանք կը տանի Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինէն ներս։
Նկարները տեսնել էջ 16-17: