ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանային յանձնաժողովին հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբի վարչութիւնը, Շաբաթ, Յունիս 27ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, արժանավայել կերպով պիտի պատուէ Սամուէլ Իլանճեանը՝ անոր մշակութային, թատերական եւ ազգային հասարակական գործունէութեան 65ամեակին առիթով:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային համալիրին մէջ:
Վաստակաշատ մշակութային գործիչ Սամուէլ Իլանճեան կը նկատուի նուիրումի եւ անխոնջ ու անսակարկ աշխատանքի խորհրդանիշ: Հայ բեմը եղած է անոր գլխաւոր նախասիրութիւնը եւ անոր նպատակը եղած է հայկական մշակութային այլ կազմակերպութիւններու հետ գործակցելով՝ մէջտեղ բերել միջազգային տարողութեամբ ձեռնարկներ:
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել ՀԲԸՄի գրասենեակը՝ (626) 794-7942 թիւով, իրենց տեղերը ապահովելու համար: