ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 30 Ապրիլը յատկանշական օր մը եղաւ ՀՄԸՄ Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին համար: Եռուզեռը այս անգամ մասնաճիւղի նոր կեդրոնէն ներս էր, ուր մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ համախմբուած էին՝ մասնակից դառնալու ծանօթ բարերար Գագիկ Գալստեանի հովանաւորած մարզադաշտի հիմնօրհնէքին եւ սրահի անուանակոչման արարողութեան, որոնց անձնապէս ներկայ էր նաեւ բարերարը, իր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ:
Մարզադաշտի հիմնօրհնէքը կատարեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ նախքան կրօնական արարողութեան անցնիլը, վեր առաւ բարերար Գալստեանի նուիրեալ անձնաւորութիւնը՝ ըսելով. «Սիրելի պրն. Գագիկ, մենք բոլորս ձեզ շատ կը սիրենք, որովհետեւ դուք իսկապէս այն մարդն, այն ազնուահոգի անձնաւորութիւնն էք, որ միշտ կու տաք մեր ժողովուրդին, երբ որ ձեզի կը դիմէ, դուք միշտ կը հասնիք, եւ ձեր արդար վաստակէն ահաւասիկ բաժին մը հանած էք ՀՄԸՄին: Այս առթիւ մենք այս աղօթքը պիտի կատարենք եւ պիտի խնդրենք, որ Աստուած առաջին հերթին ձեզ պարգեւէ առողջութիւն, իսկ ձեր զաւակներուն, ծոռներուն եւ ձեր ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ իր օրհնութիւնը, իր շնորհքը եւ օրհնութիւն տայ նաեւ այս տանը, որուն կառուցմանը դուք ձեր արդար վաստակով մաս եւ բաժին կը բերէք: Շէնք մը, տեղ մը, զոր մեր զաւակները, մեր թոռները պիտի վայելեն, եւ երկար ժամանակ երախտապարտ պիտի ըլլան ձեզի եւ ձեր նմաններուն: Վարձքերնիդ կատար»:
Ապա, հրաւիրեց ներկաները միասնաբար կատարելու Տէրունական աղօթքը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մարզադաշտի հողօրհնէք/հիմնօրհնէքը, որուն ընթացքին հոգեւոր հովիւը օրհնելով մարզադաշտին հողը՝ խնդրեց Աստուծմէ, որ իր օրհնութիւնները անպակաս ընէ կեդրոնէն, որ հազարաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու երկրորդ տունը պիտի հանդիսանայ:
Խրախուսիչ այս օրհնութիւններէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւիրեալներուն, իրենց ներկայութեան համար, ապա, անսահման իր շնորհակալութիւնները փոխանցեց Գալստեան ընտանիքին, որ մասնաճիւղի 30ամեակին զուգադիպող իր հօր 90ամեակին առիթով, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղին կատարեց իշխանական նուիրատուութիւն մը, որուն առ ի երախտագիտութիւն, նոր կեդրոնի գլխաւոր սրահը անուանակոչուեցաւ տէր եւ տիկ. Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեաններու անունով:
«Անցեալ 31 տարիների ընթացքում մասնաճիւղը կարողացել է ձեր եւ ձեր նմանների թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական օգնութեամբ գործել, եւ վստահ եմ ձեր օգնութիւնը աւելի երկարատեւ առիթ պիտի տայ մեզի, որպէսզի մենք դեռ ծառայենք եւ մեր աշխատանքը շարունակենք գալիք 30 տարիների ընթացքում», ընդգծեց եղբայրը, ապա հրաւիրեց Գալստեան ընտանիքը՝ բանալու իր ծնողաց անունը կրող մարմարեայ քարին վարագոյրը, ինչ որ ուրախ բացագանչութիւններով եւ երկար ծափողջոյններով ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան մասնաճիւղին անունով նաեւ գնահատանքի յուշատախտակներ յանձնեց բարերարին զաւակներուն, իրենց ազգանուէր որոշումին համար: Այսպէս, պարգեւատրուեցան՝
– Տէր եւ տոքթ. Էդիկ եւ Աննա Գալստեան
– Տէր եւ տիկ. Յովիկ եւ Սեդա Աղայեան
– Տէր եւ տիկ. Արմէն եւ Այտա Նորհատեան
Ուրախալի այս զոյգ արարողութիւններէն ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան եւ իրարու հետ օրուան պատգամին մասին զրուցելու գեղեցիկ առիթը ունեցան:
Ահա հպարտանքի եզակի երեկոյ մը, որ շրջանի ՀՄԸՄի մեծագոյն մասնաճիւղ «Արարատ»ին պարգեւեց գեղեցիկ մարզադաշտ մը, որ վստահաբար բազմահարիւր ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիներու էութիւնը պիտի լուսաւորէ եւ մարզական մաքրամաքուր ոգին պիտի դրոշմէ անոնց մէջ:
Թող օրուան բարերար Գագիկ Գալստեանի բարի օրինակը վարակիչ դառնայ հայկական մեր գաղութէն ներս: