ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ.- Երկուշաբթի 11 Մայիսին Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Վրաստանի դեսպան Գիորգի Գորգիլաձէի հետ ՝ ներկայացնելով իրենց մտահոգութիւնները Սամցխէ–æաւախքի հայ բնակչութեան ներկայ վիճակին, Վրաստանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակին եւ, «Միասնական Ջաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի նկատմամբ անարդար դատավճիռի ընդունման համար։
Զուիցերիոյ մէջ Վրաստանի դեսպանի հետ հանդիպման ներկայացան հոգեւոր հովիւ Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, «Արմենիա» հիմնադրամի նախագահ Վահէ Գաբրաշ, Զուիցերիոյ հայերու միութեան նախագահ Զարեհ Քիւրքչեան եւ նոյն միութեան անդամ Կարօ Թորոսլուն։
Վահագն Չախալեանի խնդրին վերաբերեալ զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչները ներկայացուցին հետեւեալ պահանջները.
– հաստատել Վահագն Չախալեանի ֆրանսացի փաստաբանը
– դադրեցնել Վահագն Չախալեանի նկատմամբ բանտային բռնութիւնը
– ազատ արձակել Վահագն Չախալեանը
Պրն. Գորգիլաձէն խոստացաւ փոխանցել զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներու մտահոգութիւններն ու պահանջները վրաստանի իշխանութիւններուն եւ կարճ ժամանակ անց պարզաբանումներ տալ ներկայացուած խնդիրներու վերաբերեալ:
Հանդիպման աւարտին զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ անոնք պիտի հետեւին իրավիճակին եւ՝ ուշադրութիւն դարձնեն ջաւախահայութեան եւ վրացահայութեան ճակատագրին: