ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Կազմակերպութեամբ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ միութեան, 1 Մայիս 2009ին Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական «Կռունկ» եւ Դամասկոսի «Քնար» երգչախումբերու միացեալ աննախընթաց երգահանդէսը՝ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Կռունկ» երգչախումբի անդամ-անդամուհիները Լիբանանէն մեկնելով՝ այցելեցին Դամասկոսի սրբատեղիները։ Ապա անոնք հիւրընկալուեցան Դամասկոսի մէջ Հայ կաթողիկէ միութեան կողմէ։
Յետմիջօրէին, անոնք ծանօթացան «Քնար» երգչախումբի անդամներուն եւ միասնաբար փորձեր կատարեցին։
Երգահանդէսին կը նախագահէր Յովսէփ եպս. Առնաութեան՝ առաջնորդ Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց. անոր կողքին՝ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեան, հոգեւորական դասն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ երաժիշտներ։
Բացման եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Քնար» երգչախումբի վարիչ-տնօրէն Սարգիս Քէշիշեան։ Ապա Ա. մասով ելոյթ ունեցաւ «Քնար» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի: Անոնք ներկայացուցին հայկական դասական եւ ժողովրդական երգերու շարք մը։
Ձեռնարկի Բ. մասով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանէն ժամանած «Կռունկ» երգչախումբը (մօտ 50 հոգի)՝ խմբավարութեամբ դոկտ. Էտուար Թորիկեանի: Անոնք վարպետօրէն ներկայացուցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական երգերու իւրայատուկ փունջ մը։
Ելոյթի աւարտին երկու երգչախումբերը միասնաբար երգեցին «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ «Երգ պահանջատիրութեան»ը՝ արժանանալով հանդիսութեան ջերմ գնահատանքին, բոցավառելով անոնց մէջ միասնականութեան խանդավառ ոգին։
Աւարտին, նախքան յուշանուէրներու փոխանակումը, բեմ հրաւիրուեցաւ եւ պատիւի արժանացաւ Պէյրութէն ժամանած հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որ եղած է «Քնար» երգչախումբի հիմնադիրը եւ «Կռունկ» երգչախումբի երկարամեայ հոգեւոր վարիչը։