Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց միօրեայ համագումար՝ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, եւ մասնակցութեամբ թեմի միաբան հայրերուն եւ քահանայից դասուն։ Համագումարին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Ս. Աթոռի երէց միաբաններէն եւ թեմի նախկին առաջնորդներէն Եփրեմ արք. Թապագեան։
Նախքան համագումարը, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին, հոգեւոր խորհրդածութեան պահը առաջնորդեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ յիշեցնելով, թէ «Մենք մեր ծառայական կեանքին մէջ նեղութիւններ ու դժուարութիւններ կ՛ունենանք, բայց երբեք մեր յոյսին մէջ պէտք չէ թուլանանք ու մեր հաւատքին մէջ երբեք պէտք չէ տկարանանք»։
«Մենք Աստուծոյ խօսքին քարոզիչներն ենք, ուստի պէտք է միայն ճշմարտութիւնը խօսինք, ճշմարտութենէն երբեք պէտք չէ շեղինք։ Մենք կոչուած ենք, որպէսզի ժողովուրդին Յիսուս Քրիստոսի մասին խօսինք, արդարութեան մասին խօսինք», եզրակացուց ան։
Ապա համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն։ Առաջնորդը նախ ողջունեց բոլոր հոգեւոր հայրերը, գնահատեց անոնց նուիրումն ու մատուցած ծառայութիւնը։ Ապա, ան թեմական աշխատանքներու համապարփակ ներկայացումը կատարեց՝ սկսելով հոգեւոր-արարողական կեանքէն, ժողովուրդին հետ քահանայից յարաբերութենէն, անցնելով երիտասարդաց խմբակներու եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշխոյժ գործունէութեան եւ թեմը երիտասարդ ու լաւապէս պատրաստուած նոր քահանաներով օժտելու աշխատանքներուն մասին։
Քաջալերական խօսքերով հանդէս եկաւ Եփրեմ արք. Թապագեան, որ կոչ ուղղեց քահանայ հայրերուն, որ համախմբուած աշխատանքով կարենան լաւագոյնս յագուրդ տալ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային պահանջքներուն։ Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ ժողովական կեանքին՝ եզրակացնելով, որ միասնաբար գործելը գրաւականն է յաջողութան։
Համագումարի դիւանի անդամ ընտրուեցան Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան (ատենապետ) եւ Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեան (ատենադպիր)։ Ա. նիստի ընթացքին, ներկայացուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին ներկայացուելիք Կրօնական ժողովի տարեկան տեղեկագիրը, որ ենթարկուեցաւ անհրաժեշտ բարեփոխութեանց։ Կէսօրին տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։
Համագումարի Բ. նիստին, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան ներկայացուց դասախօսութիւն-զրոյց մը, նիւթ ունենալով՝ «Հայ Երիտասարդին սպասումը հոգեւորականէն»։ Հայր սուրբը շեշտեց հոգեւորականին Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման ի խնդիր ներգործող ու աշխատանք տանող առաքեալներ ըլլալու հանգամանքը՝ նշելով. «Մենք կոչուած ենք Կեանքի սպասարկուներ ըլլալու, Տիրոջ արքայութեան համար մարդիկ «որսալու»»։
Ապա տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողով։ Առաջնորդը եւ քահանայ հայրերը զեկոյցներ տուին յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին։ Կատարուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի եկեղեցական երեսփոխաններու ընտրութիւնը, եւ բանաձեւուեցան համագումարին կողմէ ժողովին ներկայացուելիք առաջարկները։
Համագումարի վերջին բաժինով, նկատի առնուեցան յառաջիկայ ամիսներու աշխատանքներուն գլխաւոր հանգրուանները եւ յատկապէս 2009 Երիտասարդական տարուան նոր ծրագիրները։
Եզրափակիչ խօսքով, առաջնորդը գնահատեց համագումարին մասնակցող հոգեւոր հայրերը՝ կոչ ուղղելով բոլորին դրական հոգիով ապրելու եւ բացարձակ բծախնդրութեամբ կատարելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
Երեկոյեան ժամը 5ին վերջ գտաւ համագումարը «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի միատեղ երգեցողութեամբ եւ առաջնորդին «Պահպանի»չով։