ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամերիկեան-հրէական յանձնախումբի Լոս Անճելըսի գրասենեակը իր «Տարեկան հանդիպում»ին (խնճոյք) աւանդաբար կը հրաւիրէ շրջանի դեսպանները եւ տարբեր կրօնական եւ ազգային խմբաւորումներու ղեկավարներ։
22 Ապրիլին, ես ներկայ գտնուեցայ Ամերիկեան-հրէական յանձնախումբի հաւաքոյթին եւ ինծի զարմանք պատճառեց տեսնել, թէ օրուան գլխաւոր պատգամաբերը Միացեալ Նահանգներու մէջ Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոս տոքթ. Քրիսչըն Սթոքսն էր։ Հակառակ այն իրողութեան որ գերմանական կառավարութիւնը շատոնց ճանչցած է Ողջակիզումը եւ նկատառելի հատուցում վճարած զոհերուն ընտանիքներուն, սակայն շատ հրեաներ տակաւին անհանգիստ կը զգան գերմանացիներու հետ գործ ունենալէ կամ Գերմանիա այցելելէ։
Ես անմիջապէս յայտնաբերեցի, թէ Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոսը ոչ միայն պատուոյ հիւրն էր, այլեւ՝ յանձնախումբի «Սի.Այ. Նիուման» Կեանքի իրագործման մրցանակի արժանացողը։
Միայն ես չէի զարմացողը։ Երբ գերմանացի հիւպատոսը բեմ հրաւիրուեցաւ, ան ընդունեց, թէ ինք մեծապէս ցնցուած էր յանձնախումբին հրաւէրով եւ՝ «քանի մը երկվայրկեան անբան մնացած էր»։
Տոքթ. Սթոքսի քառասունհինգ վայրկեաննոց կարեկցութիւն շարժող խօսքը մեծապէս ցոյց տուաւ թէ ինչո՛ւ Ամերիկեան-հրէական յանձնախումբը արդարացի էր պատուելով այս յարգելի դիւանագէտը։ Անոր խօսքերը խորապէս ազդեցին ներկաներուն վրայ, որոնցմէ շատերը Ողջակիզման վերապրողներ եւ զոհերուն յաջորդող սերունդներէն էին։
Իբրեւ միակ հայը այդ սենեակին մէջ, ինծի համար անխուսափելի էր բաղդատական մը ընելը այն խղճահարուած ձեւին, որով Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութիւնը հակազդեց Ողջակիզման, եւ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ թրքական կառավարութեան անընդհատ ուրացման, սուտերուն եւ խեղադիւրումներուն միջեւ։
Ես սկսայ հարց տալ, թէ արդեօք օրը պիտի գա՞յ, երբ արդար եւ պայծառամիտ թուրք ղեկավար մը պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում կատարէ՝ առիթ տալով հայերուն, որ նոյնպէս պատուեն թուրք դիւանագէտ մը… Եթէ այդ օրը գայ, թուրք ղեկավարները մեծ պատիւներու պիտի արժանան ոչ միայն հայերու կողմէ, այլեւ շատերու՝ աշխարհի չորս ծագերուն։
Հեգնականը այն է, որ Լոս Անճելըսի մէջ ներկայի թուրք գլխաւոր հիւպատոսը եւս ներկայ էր այդ խնճոյքին։ Արդեօք ի՞նչ կը մտածէր, մինչ կ՛ունկնդրէր իր գերմանացի պաշտօնակիցին խորապէս չքմեղական խօսքը, եւ արդեօք կը փափաքէ՞ր նոյնպիսի խօսքեր ըսել հայ հանդիսատեսին…
Ստորեւ արտատպած եմ գերմանացի գլխաւոր հիւպատոսին երկար խօսքէն հատուածներ։
Մինչ կը կարդաք այդ նշումները, եթէ Գերմանիոյ եւ գերմանացիներուն տեղ Թուրքիան եւ թուրքերը դնէք, ինչպէս նաեւ՝ Իսրայէլի եւ հրեաներուն տեղ Հայաստանն ու հայերը, ապա մօտաւորապէս կը հասկնաք, թէ ես ի՛նչ զգացի 24 Ապրիլի նախօրեակին՝ ունկնդրելով զղջացած կառավարութեան մը ներկայացուցիչը, մինչ անզիղջ եւ ուրացող պետութեան մը ներկայացուցիչը նստած էր քանի մը մեթր անդին.
«Երէկ՝ «Եոմ Հա-Շոա»ի կամ Ողջակիզման յիշատակին օրը, ամբողջ աշխարհի հրեաները նշեցին Ողջակիզման զոհերուն յիշատակը։ Անոնք յիշեցին ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջելու փորձը. անոնք յիշեցին վեց միլիոն եւրոպացի հրեաներուն սպանութիւնը, որ կատարուեցաւ գերմանացիներու կողմէ, գերմանացի ձեռքերով, գերմանական հրամանով։ Միլիոնաւոր մարդիկ վարկաբեկուեցան, զրկուեցան իրենց իրաւունքներէն, հալածուեցան եւ սպաննուեցան, որովհետեւ հրեայ ծնած էին…
Շոա-ի բիրտ ազդեցութիւնները կը գոյատեւեն մինչեւ այսօր։ Աշխարհի մէջ չկայ հրեայ անձ մը, որ ազդուած չըլլայ անկէ։ Եւ որովհետեւ գերմանացիներն էին, որոնք գործադրեցին եւ դրդեցին այդ ոճիրները, ես չեմ կրնար խօսքս շարունակել առանց իմ խորունկ յարգանքս յայտնելու Ողջակիզման վերապրողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք չգոյատեւեցին, անոնց, որոնք մեռան եւ անոնց, որոնք չունին գերեզմաններ, ուր կրնանք ողբալ իրենց համար։
Ես կը ձայնակցիմ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մըրքըլին, որ անցեալ տարի Իսրայէլի պետութեան վաթսուներորդ տարեդարձին առիթով, Քնեսեթին առջեւ ունեցած իր ելոյթին մէջ նշեց. «Շոա-ն մեծ ամօթի պատճառ է մեզի՝ գերմանացիներուս համար։ Ես կը խոնարհիմ զոհերուն առջեւ. ես կը խոնարհիմ վերապրողներուն առջեւ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին վերապրողներուն որպէսզի վերապրին…:
Գերմանիոյ մէջ նախկին իսրայէլացի դեսպան Աւի Փրիմոր առիթով մը ըսաւ. «Աշխարհի վրայ ուրիշ ո՛ւր տեսնուած է ազգ մը, որ յուշարձաններ կը կանգնեցնէ՝ անմահացնելու համար իր սեփական ամօթը։ Միայն գերմանացիները ունեցան քաջութիւնն ու խոնարհութիւնը»։ Արտօնեցէ՛ք, որ իմ անձնական տեսակէտս ալ յայտնեմ. ոճիրը ինքնին այնքան սոսկալի էր, որ միլիոն յուշարձաններ բաւարար պիտի չըլլան՝ մնայուն կերպով մեզի յիշեցնելու անցեալը…
Անցեալ տարի Իսրայէլի պետութեան հիմնադրութեան վաթսուներորդ տարեդարձի իր ողջոյնի խօսքին մէջ դաշնակցային նախագահ Հորսթ Քոհլըր նշեց. «Մենք այս պատասխանատուութիւնը կը վերցնենք անցեալին եւ ապագային համար։ Սա կը նշանակէ, թէ քաղաքացիներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ հասարակական կեանքի ղեկավարներ պէտք է իրենց ձայնը բարձրացնեն ուրացման կամ Շոա-ն նսեմացնելուն դէմ, ինչպէս նաեւ՝ անհանդուրժողութեան, ցեղապաշտութեան եւ հակասեմականութեան դէմ։ Սա կը նշանակէ, թէ մենք պէտք չէ մեր երեսը դարձնենք, այլ՝ պէտք է տեսնենք եւ գործենք։ Եւ ատիկա կը նշանակէ, որ մենք կը պահենք եւ կը փոխանցենք այդ յիշատակը, որպէսզի ապագայի սերունդները եւս աչալուրջ ըլլան… Միայն անոնք, որոնք անցեալի պատասխանատուութիւնը կը վերցնեն, կրնան վստահութիւն շահիլ ապագային»։
Ժողովատուները, որոնք «Քրիսթալնախթ»ի ընթացքին փճացուած էին հրկիզման պատճառով, վերականգնուած են կամ մեծ նորոգութեան արժանացած։ Նոր ժողովարաններ եւ մշակութային կեդրոններ, ինչպիսին են Միունիխի եւ Տրեստընի մէջ գտնուողները, ներկայիս հրէական ծաղկող կեանքի կեդրոններ են։ Հոն դարձեալ կը գտնես հրէական դպրոցներ եւ ուսումնարաններ»։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր