ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մեր ժողովուրդի գիտական միտքի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն պատմաբան-ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեան Մայիս 19ին դասախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի Պատմական բաժանմունքի դահլիճին մէջ: Ան խօսեցաւ հրէական ողջակիզումի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարբերութիւններուն մասին, Թուրքիոյ կողմէ Մեծ Եղեռնի ժխտման պատճառներուն եւ իր կողմէ Թուրքիոյ ռազմական դատարանի արձանագրութիւններու ուսումնասիրութեան մասին:
«Հայոց Ցեղասպանութեան որոշումը եղած է կանխամտածուած, նախապէս ծրագրուած՝ թուրք պաշտօնեաներու կողմէ: Ան շարունակութիւնն էր 1894-1896 թուականներու համիտեան ջարդերուն, 1909 թուականի Ատանայի կոտորածին: Եթէ համիտեան կոտորածներու, Ատանայի ջարդերու կազմակերպիչները պատժուէին, ապա հաւանաբար 1915 թուական չըլլար», ելոյթին ընթացքին յայտնեց ցեղասպանագէտը՝ աւելցնելով, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը անպատժելիութեան հետեւանք է:
Ներկայիս Թուրքիոյ ուրացման ջանքերուն մասին Տատրեան չորս հանգամանք նշեց. Առաջին՝ թուրք երիտասարդները եւ համալսարանականները բոլորովին անտեղեակ են այդ տարիներու թրքական պատմութենէն եւ յատկապէս՝ հայերու կոտորածներէն, հետեւաբար թուրք երիտասարդը կ՛ընդվզի, թէ՝ «Ինչպէ՞ս կը համարձակիք թուրք ազնիւ ժողովուրդը համեմատել նացիստներուն հետ»: Երկրորդ՝ ճանչնալու պարագային, պէտք է հիմնովին փոխել թրքական պատմագրութիւնը, պատմութեան դասագիրքերը: Երրորդ՝ պետութիւնը պէտք է խոստովանի, թէ իրենք այսքան տարի ստած են եւ իրօք կատարուած է Հայերու Ցեղասպանութիւն: Չորրորդ՝ 1915էն ետք թրքական պետութիւնը ստեղծուեցաւ Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած անձերէ:
Տատրեանը նաեւ նշեց, որ 1920ականներուն հրատարակուող թրքական թերթերուն մէջ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յօդուածներ լոյս տեսած են թուրք գիտնականներու, պետական պաշտօնեաներու եւ այլ հեղինակաւոր մարդոց կողմէ: Թալէաթ փաշայի մօտիկ բարեկամ նախարար մը գրած է. «Մենք ոչ միայն յանցապարտ ենք, այլ պէտք է հատուցում կատարենք հայ ժողովուրդին», իսկ ազգայնապաշտ Մուսթաֆա Քեմալի մտերիմ բարեկամ գրող մը, 1918ի Նոյեմբեր 30ին թերթերէն մէկուն մէջ գրած է. «Իբրեւ թուրք ղեկավար՝ ես կ՛ամչնամ. այս ի՞նչ մեծ ոճիր գործեցինք մենք անմեղ հայ ժողովուրդին դէմ: Ներողութիւն կը խնդրեմ իմ հայ եղբայրներէն ու քոյրերէն»:
Տատրեան դախասօսական կազմին, ուսանողութեան եւ ներկաներուն մեծ ոգեւորութեամբ զեկուցեց, որ իր «Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու պատերազմական ատեանի դատավարութիւնները» աշխատութիւնը թրքերէն լեզուով վերջերս հրատարակած է Պոլսոյ Պիլկի համալսարանը եւ այնքան արագ սպառած է, որ երկորդ հրատարակութիւն մը կը պատրաստուի: «Թրքական կառավարութիւնը աւելի քան 9 տասնամեակ յամառօրէն կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն անակնկալ կերպով Ստամպուլի մէջ թրքական համալսարանը կը հրատարակէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին աշխատութիւն՝ թրքերէն, որ շուտով պիտի վերահրատարակուի», ըսաւ Վ. Տատրեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայող թրքական ռազմական ատեանի դատավարութիւններու վաւերագրերը վերլուծող աշխատութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց Անգարայի, Իզմիրի եւ Պոլսոյ մէջ: Յառաջիկայ տարուան ընթացքին աշխատութիւնը պիտի թարգմանուի եւ հրատարակուի նաեւ անգլերէնով՝ ամերիկեան աշխարհահռչակ Yale համալսարանի հրատարակչութեան կողմէ՝ «The Protocols of the Istanbul Military Tribunals on the Investigation of the Armenian Genocide» անունով:
Պատմաբանը նաեւ տեղեկացուց իր նորագոյն ու հետաքրքրական աշխատութեան մասին, զոր կը պատրաստէ համահեղինակութեամբ իր նախկին աշակերտ՝ թուրք պատմաբան եւ մտաւորական Թանէր Աքչամի հետ: Նոր աշխատութիւնը պիտի կազմէ վերոնշեալ գիրքին 2րդ եւ 3րդ հատորները:
Ելոյթին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին առաջին ժապաւէնը՝ 1918ին հոլիվուտեան բեմադրիչ Օսքար Ապֆըլի կողմէ նկարահանուած «Հոգիներու աճուրդը» ֆիլմին պահպանուած մասը: Սոյն ֆիլմին սկիզբը նկարահանուած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Պոլսոյ մօտ ԱՄՆի հիւպատոս, կատարուածին ականատես եւ անոր մասին բարձրաձայնած Հենրի Մորկընթաուը, որուն բաժինը, ցաւօք, փրկուած հատուածին մէջ չէ:
Մայիս 16ին Թեքէեան մշակութային միութիւնը նաեւ հիւրընկալած էր Վահագն Տատրեանը: Խօսելով Տատրեանի մասնագիտութեան մասին՝ «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան ըսած է, որ ցեղասպանագէտ-պատմաբանը միջազգային իրաւունքի, պատմութեան, հասարակագիտութեան եւ փաստագրութեան բնագաւառէն ներս մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ՝ միջազգային չափանիշով, եւ թէ ցեղասպանագիտութեան ծիրէն ներս՝ իբրեւ միջազգային առանձին գիտութիւն, Հայաստանը տակաւին մասնագէտներ չունի: «Մենք ունենք Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբաններ, բայց ոչ ցեղասպանագէտներ», ինչ որ, ըստ խմբագիրին, յատուկ մակարդակի վրայ կը դնէ մեծ ցեղասպանագէտին գործունէութիւնը:
Նշենք, որ Վ. Տատրեան ծնած է Պոլիս: Տեղի հայկական դպրոցը աւարտելէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Վիեննայի, Պերլինի, ապա Շիքակոյի համալսարաններուն մէջ: Իր գրիչին կը պատկանին հարիւրէ աւելի աշխատութիւններ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան՝ միջազգային քրէական իրաւունքի տեսանկիւնէն:
Մայիս 15ին, Վահագն Տատրեան արժանացած էր Հայաստանի նախագահի մրցանակին: